Եւրոպական Յանձնաժողովը Հրապարակեց Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Գործողութիւններու Ծրագիրի Իրականացման Վերաբերեալ Հայաստանի Յառաջնթացի Առաջին Զեկուցումը

Եւրոպական յանձնաժողովը 5 մայիս 2026-ին Հայաստանին փոխանցեց Մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման յառաջընթացին առաջին զեկուցումը, որ կ՛արձանագրէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու յստակ քաղաքական յանձնառութիւնը` իրականացնելու Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման ուղղուած անհրաժեշտ բարեփոխումները: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը պաշտօնապէս սկսած է սեպտեմբեր 2024-ին, իսկ Գործողութիւններու ծրագիրը Հայաստանին փոխանցուած է նոյեմբեր 2025-ին: Անիկա կը նախատեսէ կատարում 74 յենանիշերու, որոնք կ՛իրականացուին երկու փուլով. համապատասխան օրէնսդրական եւ քաղաքականութեան ծիրի ձեւաւորում, անոնց գործնական իրականացման եւ կիրարկութեան ապահովում:

Առաջին զեկուցումը կը գնահատէ Հայաստանի յառաջընթացը առաջին խումբ յենանիշերու կատարման ուղղութեամբ` կեդրոնանալով բացառապէս օրէնսդրական եւ քաղաքականութեան ծիրին վրայ չորս կարեւոր ուղղութիւններով` փաստաթուղթերու անվտանգութիւն, սահմաններու, ներգաղթի եւ ապաստանի կառավարում, հասարակական կարգ եւ անվտանգութիւն, արտաքին յարաբերութիւններ եւ հիմնարար իրաւունքներ:

Թէեւ Գործողութիւններու ծրագիրի տրամադրումէն կարճ ժամանակ անցած է, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն իսկ նախաձեռնած կամ ծրագրած է պահանջուող օրէնսդրական եւ քաղաքական փոփոխութիւններու զգալի մասը, ինչ որ Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձր կը գնահատուի:

Փաստաթուղթերու անվտանգութիւն. 2025 թուականի յուլիսին Հայաստան որդեգրած է «Բնակչութեան պետական արձանագրութեան մասին» նոր օրէնքը, որ կ՛արտօնէ ստեղծել բնակչութեան միասնական եւ անվտանգ ելեկտրոնային արձանագրութիւն: Բացի ատկէ, կնքուած է պետութիւն-սեփական գործընկերութիւն պայմանագիր` ազգային կենսաչափական նոյնականացման համակարգի արդիականացման նպատակով, ինչ որ պիտի ապահովէ ապագայ անձնագիրներու եւ անձը հաստատող փաստաթուղթերու համապատասխանութիւնը Քաղաքացիական թռիչքներու միջազգային կազմակերպութեան կողմէ սահմանուած բարձրագոյն չափանիշերուն:

Սահմաններու, ներգաղթի եւ ապաստանի կառավարում. Հայաստան աշխուժօրէն կը մշակէ Սահմաններու համալիր կառավարման (Այ.Պի.Էմ.) 2026-2029 թուականներու ռազմավարութիւնը: Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է նաեւ շարք մը վարչարարական ծառայութիւններու թուայնացման հոլովոյթին մէջ: Մասնաւորաբար, յունուար 2026-էն կը գործարկուի Քաղաքացիութեան գործերու ելեկտրոնային կառավարման համակարգը, ընթացքի մէջ է նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներու համար աշխատանքի եւ կեցութեան թոյլտուութիւններու ընթացակարգերու թուայնացումը:

Հայաստան կը շարունակէ ամրապնդել համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու եւ երրորդ երկիրներու հետ` յետընդունման ոլորտին մէջ: Կը նկատուին զարգացումներ սահմանային ուղղորդման մեքանիզմներու ամրապնդման, ապաստանի գործերու կառավարման ելեկտրոնային համակարգի ստեղծման վերաբերեալ  աշխատանքներու ուղղութեամբ:

Հասարակական կարգ եւ անվտանգութիւն. 2018-էն ետք Հայաստան զգալիօրէն ուժեղացուցած եւ միջազգային չափանիշերուն համապատասխանեցուցած է փտածութեան դէմ պայքարի իրաւական եւ հաստատութենական համակարգը: Հայաստանի կողմէ «Յանցաւորութեան կանխարգիլման 2026-2033 թուականներու ռազմավարութեան» մշակման մեկնարկը կը փաստէ Հայաստանի մտադրութիւնը` ապացոյցներու վրայ հիմնուած քաղաքականութեան, հաստատութենական համակարգման եւ նպատակային կանխարգելիչ քայլերու միջոցով ամրապնդելու յանցաւորութեան կանխարգիլման կարողութիւնները:

Զեկուցումին մէջ նաեւ անդրադարձ կը կատարուի ներքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ ձեւաւորուած նոր մասնագիտացուած ստորաբաժանումին` Յանցաւորութեան վիճակագրութեան եւ հետազօտական կեդրոնին, որ պիտի բացայայտէ յանցաւորութեան օրինաչափութիւնները, պիտի կանխատեսէ յանցագործութիւններու հաւանական ռիսքային գօտիները եւ անոնց հիման վրայ պիտի ներկայացնէ յանցաւորութեան կանխարգիլման ուղղուած առաջարկներ եւ ուղղորդող վերլուծումներ: Մարդոց վաճառքին դէմ պայքարի նոր Գործողութիւններու ծրագիրը պիտի որդեգրուի 2026 թուականին, եւ այդ ուղղութեամբ իականացուող ծրագիրներու յաւելումը նոյնպէս Եւրոպական Միութեան կողմէ դրական գնահատուած է:

Եւրոպական կողմը դրական կը գնահատէ նաեւ ստեղծումը անձնական տուեալներու պաշտպանութեան նոր եւ անկախ մարմինին, որուն գործունէութիւնը համահունչ պիտի ըլլայ եւրոպական անձնական տուեալներու պաշտպանութեան սկզբունքներուն ու լաւագոյն փորձառութեան:

Հիմնարար իրաւունքներ. Հայաստան այժմ կը մշակէ «Խտրականութեան կանխարգիլման եւ ատոր դէմ պայքարի մասին» օրէնքը` եւրոպական չափանիշերուն համապատասխանեցնելու նպատակով: Բացի ատկէ, Հայաստան 2025 թուականին որդեգրած է երեխաներու իրաւունքներու վերաբերեալ նոր օրէնսդրութիւն` բռնութենէն եւ շահագործումէն պաշտպանութեան առաւել համապարփակ շրջանակ ապահովելու համար:

Ողջունելով դրական ընթացքը` յանձնաժողովը նոյն ատեն կ՛ընդգծէ, որ յառաջընթացի գնահատումը կը կատարուի բացառապէս արդիւնքի վրայ հիմնուած մօտեցումով եւ պայմանաւորուած է բոլոր յենանիշերու արդիւնաւէտ եւ հետեւողական իրականացումով:

Զեկուցումին մէջ ներկայացուած են նաեւ առաջարկներ-յանձնարարականներ` Հայաստանը ուղղորդելու լրացնելու արձանագրուած բացերը: Ընդհանուր առմամբ, յանձնաժողովը կը շեշտէ, որ բոլոր ոլորտներուն մէջ անհրաժեշտ է ապահովել որդեգրուած քաղաքականութիւններու եւ օրէնքներու գործնական, հետեւողական եւ արդիւնքի վրայ հիմնուած իրականացումը:

Մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է սահմանուած բոլոր յենանիշերու լիարժէք կատարման ապահովման համար: Յանձնաժողովը պիտի շարունակէ հետեւիլ Գործողութիւններու ծրագիրով սահմանուած բոլոր յենանիշերու կատարումին` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու փորձագէտներուն աջակցութեամբ եւ այդ նպատակով յառաջիկային Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի լրացուցիչ գնահատման առաքելութիւն:

Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի բարեփոխումներուն աջակցելու գործին` տրամադրելով յատուկ թեքնիք եւ ֆինանսական օգնութիւն, մասնաւորապէս` Հայաստանի համար նախատեսուած «Դիմակայունութեան եւ աճի» ծրագիրի ծիրին մէջ:

Leave a Comment