ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեան, անդամներ` Հրայր Սէյիսեան եւ Զաւէն Տէր Պետրոսեան, 13 մայիսին այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան ու խմբագրութեան հետ:
Շրջանային վարչութեան անդամները ներկայացուցին ընթացիկ տարուան ՀՄԸՄ-ի ծրագիրները` մայիսեան փառատօն, ՄիջՀՄԸՄ-ական խաղեր, բանակումներ, ԼԵՎԱՄ, մարզական նախաձեռնութիւններ եւ տարբեր աշխատանքներ: Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մասնաճիւղերու լայնատարած գործունէութեան:
«Ազդակ»-ի ներկայացուցիչները խօսեցան ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը մամուլով լուսաբանելու անհրաժեշտութեան, վարչական, սկաուտական թէ մարզական աշխատանքներու լուրերուն արագ արձագանգման եւ Շրջանային վարչութիւն-«Ազդակ» թղթակցային կապի վերակազմակերպման մասին: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ընկերային ցանցերուն զուգահեռ քարոզչութիւն կատարել նաեւ մամուլով` անոր վաւերականութենէն եւ իբրեւ արխիւ մնայուն եւ տարբեր ձեւերով պահպանման հանգամանքէն մեկնած:
Հանդիպումը առիթ էր նաեւ անդրադառնալու ՀՄԸՄ-ի հսկայական գործունէութիւնը տասնամեակներու վրայ «Ազդակ»-ով հետեւողական կերպով լուսաբանելու երեւոյթին եւ յատկապէս ներկայ իրականութիւններէն մեկնած` թուային արխիւը արհեստական բանականութեամբ օգտագործելու նորարար դրութիւններուն:
