Թրամփ. «Ամերիկեան Առաջարկին Իրանեան Պատասխանը Չհաւնեցայ, Եւ Անիկա Բացարձակապէս Անընդունելի Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի գիշեր յայտարարեց. «Իրանեան պատասխանը չհաւնեցայ, եւ անիկա բացարձակապէս անընդունելի է»:

Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը նախքան այդ հաղորդած էր. «Իրան փաքիստանցի միջնորդին ճամբով պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան առաջարկին իր պատասխանը ուղարկեց»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը իր կարգին նշած էր, որ Թեհրան ամերիկեան առաջարկին իր պատասխանին մէջ Ծոցի եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման անվտանգութեան երաշխաւորումը գերակայ խնդիր նկատած է, իսկ Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր. «Թեհրանի պատասխանը կը կեդրոնանայ բոլոր ճակատներուն վրայ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալուն ու նաւարկման անվտանգութեան երաշխաւորման վրայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Ամերիկեան կողմին մեր պատասխանը ընդունելի ու տրամաբանական պահանջներ կը պարունակէ եւ ամբողջ շրջանի շահերը նկատի կ՛ունենայ»:

«Միացեալ Նահանգներուն մեր առաջարկները առատաձեռն ու պատասխանատու են, եւ միայն պատերազմին վերջ տալու մեր իրաւունքը պահանջեցինք», նշեց Պաղայի:

«Իրանեան նաւերու դէմ ծովահէնութիւնը դադրեցնելու Իրանի պահանջը, իրանցի ժողովուրդին պատկանող երկար տարիներէ ի վեր ապօրինաբար օտարերկրեայ դրամատուներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ճնշումին պատճառով պահուող դրամատնային հաշիւները ազատելու պահանջը արդեօք չափազանցուա՞ծ են: Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգ երթեւեկը ապահովելու մեր առաջարկը արդեօք չափազանցուա՞ծ պահանջ է», ըսաւ ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Իրան կը ցաւի, որ Ուաշինկթընի մէջ կը գերակշռեն հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ Իսրայէլի կողմէ պարտադրուած տեսակէտները, եւ Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն պնդել իրենց անհիմն պահանջները», յայտնեց ան:

«Նաւարկումի երթեւեկին մէջ արձանագրուած խանգարումը հետեւանք է ամերիկեան եւ իսրայէլեան քայլերուն: Եւ ցաւալի է, որ ամերիկեան կողմը իր միակողմանի դիրքորոշումներուն եւ կոշտ պահանջներուն վրայ կը պնդէ», նշեց Պաղայի:

«Չինական կողմին յստակացուցինք, թէ ամերիկեան քայլերը շրջանին մէջ անկայունութիւնը պիտի աւելցնեն: Շրջանին մէջ անկայունութեան պատճառը Միացեալ Նահանգներու թշնամական արարքներն են», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Աղբիւրներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնեցին. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն իր պատասխանին մէջ պահանջեց վերցնել ծովային շրջափակումը, պատժամիջոցները մեղմացնել եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման վրայ որոշ աստիճանի վերահսկողութիւն պահպանել»:

«Իրան կը պնդէ, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է Լիբանանի մէջ կռիւի անմիջական դադրեցման յանգեցնէ», նշեցին աղբիւրները:

Աղբիւրները նաեւ լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Իրանի պահանջները ներառեցին իր սառեցուած դրամատնային հաշիւներու ապասառեցումը եւ նաւթամթերքի իր արտածումներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներու վերացումը»:

 

Leave a Comment