Հենրիխ Մխիթարեան իր ապագային գծով արտայայտութիւն ունեցաւ «Սերի Ա.»-ի 36-րդ հանգրուանին գծով Լացիօ Ռոմայի մէջ (3-0) մրցումէն ետք:
Հայ միջնապահը, որ Ինթեր Միլանին օգնեց յաղթելու` նշանակելով ակումբի երրորդ կոլը, մրցումի աւարտէն ետք խոստովանեցաւ, որ այժմ բազմաթիւ զգացումներ ունի:
Մխիթարեանի համար տարեշրջանի աարտական բաժինը առանձնայատուկ է: 37 տարեկան ֆութպոլիստը իր ասպարէզի վերջին հանգրուաններէն մէկը կ՛անցընէ եւ վերջնական որոշում չէ տուած տակաւին:
«Հիմա գլխուս մէջ շատ զգացումներ կան: Ես հիանալի ասպարէզ ունեցայ, ուրախ եմ, հասած եմ հոն, ուր հասած եմ եւ ֆութպոլ խաղցած եմ ամէնէն բարձր մակարդակով: Երջանիկ եմ, որ եղած եմ Ինթերի մէկ մասը եւ այս տղոց խմբակիցը, քանի որ վերջին 4 տարիներուն անոնք իմ ֆութպոլի կեանքս երկարեցին», ըսաւ Մխիթարեան:
Հայ միջնապահը նշած է նաեւ, որ ապագային վերաբերեալ իր որոշումը կը կայացնէ եղանակի աւարտէն ետք: Միեւնոյն ժամանակ անոր այժմու կեդրոնացումը կապուած է Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին վրայ, ուր անգամ մը եւս մրցակիցը պիտի ըլլայ Լացիօ Ռոման (չորեքշաբթի օր):
«Մեզի մնացին վեջին քանի մը հանդիպումները, իսկ յետոյ ես որոշում պիտի տամ: Չորեքշաբթի օր մեզի մրցում կը սպասէ, կ՛ուզեմ լաւ պատրաստուիլ եւ տիտղոս մը եւս նուաճել», աւելցուց Մխիթարեան:
Խմբապետ Լաութարօ Մարթինես մրցումէն ետք Մխիթարեանի հասցէին ջերմ խօսքեր ըսաւ. «Ան օրինակ է բոլորիս համար: Երբ կը խօսիմ հօրս հետ, ան միշտ կը հարցնէ հանդերձարանի մասին: Ես միշտ կը նշեմ, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատի Հենրիխը: Ան ունի հիանալի ասպարէզով մարդու մը համեստութիւնը: Մենք ամէն օր իրմէ կը սորվինք»: Մարթինես նշեց նաեւ, որ Մխիթարեան շատ բան տուած է Ինթերին եւ արժանի յարգանքի, անկախ անկէ, որ ան ինչ որոշում պիտի տայ տարեշրջանի աւարտին: «Յոյսով եմ, որ անոր տուած որոշումը կ՛ըլլայ լաւագոյնը իր կեանքին եւ ընտանիքին համար: Ան մեզի շատ բան տուած է», աւելցուց Մարթինես:
Նշենք նաեւ, որ Մխիթարեան ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Լացիօ Ռոմայի դաշտին վրայ, եւ 76-րդ վայրկեանին շատ գեղեցիկ կոլ մըն ալ նշանակեց խաբելէ ետք մրցակից մը եւ գնդակը ձախ ոտքով հարուածելով դէպի Լացիոյի բերդի վերի բաժինը: