Սարտինիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքը հասած է իր վերջին հանգրուանին:
8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայկ Մարտիրոսեան հաւասարութիւն արձանագրեց այս մրցաշարքին թիւ 1 դասուած ռուս Իան Նեփոմնիաշչիի հետ եւ կէս կէտով ետ մնաց հնդիկ Մուրալի Քարթիքեանէն եւ գերմանացի Ֆրետերիք Զվանէն:
6,5 կէտ հաւաքած այս զոյգը վերջին (9-րդ) հանգրուանին իրար դէմ պիտի մրցին, մինչ Հայկ Մարտիրոսեան պիտի մրցի ֆրանսացի վարպետ Փոլ Վելթենի դէմ, որ իր կարգին 6 կէտ ունի:
Մամիկոն Ղարիբեան իր կարգին 6 կէտեր ունի, մինչ Էմին Օհանեան 5,5 կէտ հաւաքած է: