«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ ճակատումին, 125-107 արդիւնքով յաղթելէ ետք 2-րդ ելոյթին:
Չեթ Հոլմկրեն եւ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 22-ական կէտ նշանակեցին, մինչ Էյճէյ Միչել (20 կէտ) եւ Ճերըն Մաքէյն (18 կէտ) բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան անցեալ տարուան ախոյեանին հետ:
Լէյքըրզէն անգամ մը եւս բացակայէր Լուքա Տոնչիչ, որ տակաւին չէ դարմանուած: Աւելի՛ն, Լէյքըրզ խաղցաւ առանց Ճերըտ Վանտըրպիլթի, որ ճկոյթ մատը վիրաւորած էր առաջին ճակատումին:
Օսթին Ռիվզ 31 կէտ նշանակեց, մինչ Լըպրոն Ճէյմս 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ այժմ 2 յաջորդական մրցումներ պիտի հիւրընկալէ Քալիֆորնիայի մէջ:
Արեւելեան շրջանին մէջ, Տիթրոյիթ Փիսթընզ իր կարգին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ մրցումին` 107-97 արդիւնքով յաղթելէ ետք:
Քէյտ Քանինկհեմ 25 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, մինչ Թոպիաս Հերիս 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Փիսթընզի:
Տիթրոյիթ յաջորդական 5 մրցումներ շահած է փլէյ օֆի ճակատումներուն, ան առաջին հանգրուանին Օրլանտօ Մեճիքէն 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցած էր ճակատումներու արդիւնքը յեղաշրջել ի նպաստ իրեն (4-3):
Տոնավըն Միչել (31 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ) համեմատաբար առաջին ճակատումէն աւելի լաւ ելոյթ ունեցան, բայց Քլիվլենտ պէտք է իր դաշտին վրայ երկու մրցումները յաղթէ, եթէ կ՛ուզէ հասնիլ աւարտականին: