Դաշնակցութեան Համար Պահանջատիրութիւնը Կեանքի Ուղի Է*

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ

Հաւաքուած ենք հայաշունչ այս շրջանին մէջ, նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը դժուար եւ անկայուն ժամանակաշրջանի մը մէջ: Հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու 111 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան գործած անմարդկային եւ ծրագրուած ոճիրը: Հաւաքուած ենք հաստատելու մեր իրաւունքներու անժամանցելիութիւնը եւ վերապրելու ու վերականգնելու մեր  կամքը: Վերջապէս, հաւաքուած ենք փաստելու մեր պայքարելու վճռակամութիւնն ու անսակարկ կամքը` յանուն արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան եւ յանուն մեր ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքներուն:

Այսօր, երբ աշխարհը տակաւին կը բախի անարդարութիւններու եւ բռնութիւններու ալիքներուն, մեր յիշողութիւնը պարզապէս անցեալի յարգանք չէ, այլ` կենդանի ու պահանջատէր ներկայութիւն: Մեր նահատակներուն յիշատակը մեզ կը պարտաւորեցնէ շարունակել մեր պայքարը ոչ միայն ճանաչման, այլ նաեւ հատուցման եւ արդարութեան հաստատման համար:

Մեր սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատակները մեզմէ կը պահանջեն ըլլալ պահանջատէր եւ հետապնդել մեր Դատը անդադար եւ առանց յուսահատելու: Կը պահանջեն նաեւ, որ ըլլանք տիպար հայեր, խօսինք հայերէն, տիրապետենք Հայոց պատմութեան եւ չհրաժարինք մեր ինքնութենէն:

Մենք կը վերահաստատենք, որ ժամանակը ո՛չ մեր յիշողութիւնը կրնայ մաշեցնել, ո՛չ ալ մեր իրաւունքները մոռացութեան մատնել տալ: Մենք կը հաւատանք, թէ որքան ալ երկար ըլլայ ճանապարհը, արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ: Այս հաւաքը վկայութիւն է մեր միասնականութեան, մեր դիմադրութեան եւ ապագայի նկատմամբ մեր անխախտ հաւատքին:

Թող յստակ եւ հաստատ մեր ձայնը հասնի բոլորին` մօտիկ թէ հեռաւոր. մենք կը մնանք պահանջատէր, մինչեւ մեր վախճանական նպատակներու իրականացումը:

Թող մեր ձայնը լսելի ըլլայ նախ եւ առաջ մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդին, թող ան գիտակցի, որ հայ ըլլալ` կը նշանակէ յիշել, պահանջատէր ըլլալ եւ պայքարիլ, հայ ըլլալ` կը նշանակէ Արարատը իր ինքնութեան անբաժան մասը պահել, իսկ Շուշին` իր միջնաբերդը: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ դարաւոր հերոսներու ժառանգորդ եւ անոնց սկսած գործի շարունակութիւնը ապահովող ըլլալ:

Թող մեր ձայնը լսէ ջարդարար Օսմանեան կայսրութեան օրինական յաջորդ ներկայ Թուրքիան, որ ոչ մէկ դժուարութիւն կամ մեղսակցութիւն կրնայ ազդել մեր պահանջատիրական ուղիին վրայ, ոչ մէկ ուժ կրնայ շեղել մեր իրաւունքներու հետապնդման համար մեր հաստատակամութիւնը եւ ոչ մէկ շլացնող խաղաղութեան առաջարկ կրնայ մեզի պարտադրել զիջում մեր իրաւունքներէն:

Թող մեր ձայնը լսէ ջարդարար Թուրքիոյ կրտսեր եղբայր, նոր ցեղասպանութեան հեղինակ Ազրպէյճանը, որուն ձեռքով Արցախը բռնագրաւուեցաւ, հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան եւ հայրենազրկման: Արցախի գոյութիւնը չի կրնար բանակցելի ըլլալ, որովհետեւ ան Հայոց պատմութեան եւ  ինքնութեան անբաժանելի մասն է:

Թող մեր ձայնը հասնի նաեւ միջազգային հանրութեան, որ երկար տարիներ խօսեցաւ մարդկային իրաւունքներու մասին, բայց շատ անգամ լուռ մնաց, երբ հայ ազգը եւ այլ ժողովուրդներ դարձան բռնութեան եւ անարդարութեան զոհ: Պէտք չեն միայն խօսքեր, այլեւ կարիք կայ գործնական քայլերու` կանխարգիլելու նոր ոճիրներ եւ հաստատելու արդարութիւնը: Ընդհանրապէս վերջին տարիներուն եւ մանաւանդ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմները եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները ապացոյց են, թէ անպատիժ մնացած ոճիրները կը կրկնուին նոյն ահաւոր ձեւով` առանց որեւէ կանխարգելիչ գործօնի: Անպատժելիութիւնը կը դառնայ խրախուսանք նոր ոճիրներու համար, իսկ լռութիւնը` մեղսակցութիւն:

Վերջապէս, թող մեր ձայնը լսեն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, եւ յստակ ըլլայ մեր պատգամը, թէ ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի նահանջելու ազգային հիմնարար իրաւունքներէն, ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ արդարացնել զիջումներ, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ պատմական արդարութիւնը: Պետութիւնը կոչուած է պաշտպանելու ժողովուրդին իրաւունքները, ոչ թէ սահմանափակելու զանոնք:

Իշխանութիւններուն վարած ազգակործան եւ անհեռատես քաղաքականութիւններուն պատճառով այսօր, դժբախտաբար, Հայաստանը պարտուած կողմ է, եւ դարձեալ այդ քաղաքականութիւններուն պատճառով իշխանութիւնները մեզ ազգովին դէմ յանդիման կը դնեն ահաւոր զիջումներու, որոնց կարգին` ոչ միայն հողային զիջումներ, այլեւ մեր ազգային արժանապատուութեան մաս կազմող խորհրդանիշներու զիջումներ` խախտելով մեր ազգային արժեհամակարգը: Այսպէս, Արարատը կը դադրի ազգային խորհրդանիշ ըլլալէ, Հայոց պատմութեան դասաւանդութիւնը կը փոխարինուի Հայաստանի պատմութեամբ, Հայոց ցեղասպանութիւնը կը դառնայ անցեալի եղելութիւն, Եկեղեցին կը նկատուի սոսկ պետութեան լծակից կառոյց, Արցախի Հանրապետութեան մասին խօսիլն իսկ կը նկատուի անօրէն եւ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան» նախաստորագրուած պայմանագիրին մէջ կ՛անտեսուի Պաքուի մէջ պատանդ բռնուած Արցախի ռազմա-քաղաքական ղեկավարութեան ազատութիւնը:

Հայութեան եւ Հայաստանի միջեւ վիհ ստեղծելով` կարծէք փորձ կը կատարուի բաժանարար ճեղք յառաջացնելու հայաստանաբնակ եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան միջեւ: Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը ահաւոր վայրէջքի մէջ է Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ներքին եւ արտաքին, ապազգային եւ վտանգաւոր քաղաքականութեան պատճառով: «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարի տարածումը այս քաղաքականութեան ամէնէն վտանգաւոր արտայայտութիւններէն մէկն է, որ կը ջնջէ միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականը եւ վերջ դնելու փորձ մըն է ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարին: Ան կը մերժէ ազգի մը կազմութեան հիմնարար հիմքերը` պատմական յիշողութիւնը, հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ հաւաքական գիտակցութիւնը: Իշխանութիւնը կը փոխարինէ ազգը` իբրեւ պետութեան հիմնասիւն:

Վերջին ժամանակաշրջանին շատ կը խօսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մը ստորագրութեան, այդ պայմանագիրին ստեղծելիք նպաստաւոր պայմաններուն եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: Սակայն չկայ խաղաղութիւն` առանց արդարութեան: Խաղաղութիւնը պէտք չէ դառնայ անհեթեթ պատրանք:

Խաղաղութիւնը, եթէ հիմնուած չէ արդարութեան վրայ, կը մնայ փխրուն, ժամանակաւոր եւ բռնազբօսիկ: Ան կրնայ կարճաժամկէտ հանգստութեան տպաւորութիւն ստեղծել, բայց կը կուտակէ բռնութիւն եւ անարդարութիւն, որոնք ի վերջոյ կը պայթին նոր հակամարտութիւններու ձեւով: Ուստի, իսկական խաղաղութիւնը միայն զէնքերու լռութիւնը չէ, այլ` իրաւունքներու վերականգնումը, ճշմարտութեան ճանաչումը եւ արժանապատուութեան վերահաստատումը:

Պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ անպատիժ մնացած ոճիրները կը կրկնուին: Երբ արդարութիւնը կը յետաձգուի կամ կը շրջանցուի քաղաքական շահերու պատճառով, ան կը վերածուի նոր բռնութիւններու հիմքի: Այս իմաստով, արդարութիւնը ոչ միայն բարոյական պահանջ է, այլ նաեւ` խաղաղութեան ապահովման հիմնական պայման:

Արդարութիւնը նաեւ կը նշանակէ պատասխանատուութիւն: Ան կը պահանջէ, որ ոճիրներ գործած ուժերը ճանչնան իրենց յանցանքը, դիմագրաւեն անցեալը եւ հատուցեն իրենց պատճառած վնասը: Առանց այս քայլերուն` հաշտութիւնը կը դառնայ կեղծ եւ պարտադրուած, իսկ խաղաղութիւնը` դատարկութիւն:

Միեւնոյն ժամանակ արդարութիւնը ընտրովի չի կրնար ըլլալ: Երբ միջազգային հանրութիւնը մէկ տեղ կը պաշտպանէ իրաւունքները, իսկ ուրիշ տեղ կը լռէ, ան կը խախտէ իր իսկ հռչակած սկզբունքները եւ կը թուլացնէ խաղաղութեան հիմքերը: Արդարութիւնը պէտք է ըլլայ համընդհանուր, անաչառ եւ հետեւողական:

Այս սկզբունքը յատկապէս կենսական է այն ժողովուրդներուն համար, որոնք անցած են ցեղասպանութեան, բռնագրաւման եւ տեղահանութեան ճանապարհէն: Անոնց համար խաղաղութիւնը մոռացում կամ լռութիւն չի նշանակեր, այլ պայքար` յանուն ճանաչման, հատուցման եւ իրաւունքներու վերականգնման:

Խաղաղութիւնը չի կրնար պարզապէս տնտեսական շահի աղբիւր ըլլալ, երբ ամբողջ պետութեան մը գերիշխանութիւնը հարցականի տակ կը դրուի, երբ պետութիւն մը իրաւունք չ՛ունենար իր իսկ տարածքներէն անցնող ճանապարհը հսկելու, եւ երբ պետութեան մը կը պարտադրուի հրաժարիլ իսկ ազգային դիմագիծէն եւ արժեհամակարգէն:

Վերջապէս, «Չչկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» լոզունգը նաեւ կոչ է մեզի` իբրեւ անհատներու եւ համայնքներու: Կոչ` չհաշտուելու անարդարութեան հետ, չլռելու ճշմարտութեան առջեւ եւ շարունակելու պայքարը մինչեւ արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հաստատում:

Միայն արդարութեան վրայ կառուցուած խաղաղութիւնն է, որ կրնայ դիմանալ ժամանակի փորձութեան եւ դառնալ իրական հիմք` ապագայ սերունդներու անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքին:

Այս ամբողջ յուսահատական մթնոլորտին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ իր պատմական դիրքորոշումներուն եւ սկզբունքներուն, կը հաստատէ, որ պիտի մնայ համայն հայութեան բոլոր իրաւունքներուն  պահանջատիրական պայքարի ջահակիրը` հակառակ իր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւններուն: Մեզի համար պահանջատիրութիւնը միայն լոզունգ չէ, պահանջատիրութիւնը կեանքի ուղի է` մեր ազգային արժէքներուն եւ մեր սերունդներուն հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան վրայ: Ան չի սահմանափակուիր խօսքերով կամ տարելիցներով, այլ կը դրսեւորուի ամէնօրեայ կեցուածքով` կրթութեան, մշակոյթի, քաղաքական կեանքի եւ ազգային համախմբման բոլոր դաշտերուն մէջ:

Յուսահատութիւնը պէտք է ջնջել մեր իմացութենէն: Յիշենք, թէ ինչպէ՛ս 6 դար ստրկութեան տակ ապրելէ ետք ունեցանք անկախ Հայաստան, ինչպէ՛ս 70 տարի Խորհրդային Միութեան մաս կազմելէ ետք, այսօր Հայաստանը անկախ է, եւ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդին դէմ պայքարած ցարական ու օսմանեան կայսրութիւնները եւ Խորհրդային Միութիւնը այսօր գոյութիւն չունին, իսկ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ: Այս գիտակցութեամբ եւ վճռակամութեամբ կրնանք նաեւ դիմագրաւել եւ շրջանցել այսօրուան դժուարութիւնները:

Առ այդ, մնա՛նք պահանջատէր մինչեւ արդար հատուցում եւ ապրինք յաղթական նոր մայիսներու յոյսով:

 * ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպած ապրիլեան նահատակներու յիշատակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ արտասանուած խօսք, 22 ապրիլ 2026, Ֆանար:             

Leave a Comment