Մաքրոն. «Հարաւային Կովկասը Պէտք Չէ Կայսրութիւններու Մրցակցութեան Վայր Ըլլայ»

«Ես խորապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանը եւրոպական կոչում, եւրոպական ճակատագիր ունի, նոյնն ալ կը հաւատամ Վրաստանի մասով»: Այս մասին «Երեւանեան երկխօսութիւն-2026» միջազգային խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:

«Հարաւային Կովկասը պէտք չէ ըլլայ մրցակցութեան վայր կայսրութիւններու, որոնք շրջանը կը դիտարկեն իբրեւ մրցանակ` իրարու դէմ հանելով տեղւոյն ազգերը: Հարաւային Կովկասը կրնայ վերականգնել իր կեդրոնական դիրքը Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի միջեւ», ըսած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ յայտարարութիւններու ժամանակ ալ յայտնեց. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռականօրէն կը շարժի դէպի Եւրոպա, դուք եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամ էք»:

Լրատուամիջոցներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբ Ֆրանսայի նախագահը կը խօսի Հայաստանի մէջ սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ հաւանական միջամտութեան մասին, արդեօք Մաքրոնի ցուցաբերած աջակցութիւնը նոյնպէս օտարերկրեայ միջամտութիւն չի՞ նկատուիր, ըսաւ. «Պէտք է տեսնել, թէ որո՛նք են միջամտութիւնները, որոնք կը փորձեն շահագործման ենթարկել ժողովրդավարական կեանքը բացայայտ կերպով: Ես կը ստանձնեմ այս աջակցութիւնը, ես կը ստանձնեմ պարտաւորութիւն աջակցելու Փաշինեանին, որուն կը վստահիմ 8 տարի, եւ նոյնը ըրած եմ Մայա Սանտուի պարագային, Մայա Սանտուն, որ կը դիմակայէր ոչ եւրոպական ընտրութեան:

«Ես ամբողջովին կը ստանձնեմ այս որոշումը պաշտպանելու Եւրոպան, Եւրոպայի որոշումները, սակայն ատիկա նոյնը չէ, ինչ որ այդ փոխազդեցութիւնները, որոնք լրատուամիջոցներու միջոցով, կեղծ տեղեկատուութեան միջոցով կը փորձեն ապակայունացնել իրաւական պետութիւնը, տարբերութիւնը այստեղ է:

«Այստեղ բաց երեսով միջամտութիւն է, եւ հակառակը` կան Մոսկուայի պատուէրով միջամտութիւններ օտարերկրեայ գործակալներու կողմէ, որոնք կը փորձեն կեղծել ժողովրդավարութիւնը, ես փաստարկները կու տամ եւ կը մասնակցիմ ժողովրդավարութեան իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ, ես չեմ կեղծեր, կարեւոր է ատիկա յիշել», նշած է Մաքրոն:

 

Leave a Comment