Խմբագրական. Լիբանանի Քաղաքացին Եւ Մայիս 1-ը

Լիբանանի մէջ մայիս մէկի նշումը բոլոր պատճառները ունէր սղաճին եւ տնտեսական ահագնացող տագնապին դէմ հասարակական բողոքի գործողութիւններ դրսեւորելու: Երկիրը սակայն կը տուայտի պատերազմի եւ դիւրաբեկ կամ  մասնակի յարգուող զինադուլի պայմաններուն միջեւ, եւ անվտանգային խնդիրները առաջնային նշանակութիւն ունին պետութեան եւ քաղաքացիին համար: Առընթեր` պատերազմի շարունակուող երեւոյթներն ու անոնց անմիջական հետեւանքները յաղթահարելու սուր խնդիր կայ:

Լիբանանի մէջ անլոյծ կը մնան տարրական կենցաղային խնդիրները, որոնք բնական ընկալումով պետական ծառայութիւններուն եւ գործառոյթներուն պարտաւոր գործողութիւններն են:

Լիբանանի քաղաքացին պետական եւ մասնաւոր ելեկտրականութեան երկու հաշուեցոյցեր փակելու պարտաւորութեան տակ է: Պետութեան տրամադրած ելեկտրականութեան սակացոյցերը կը մագլցին, մինչ չ՛աւելնար պետական հոսանքի տրամադրումի տեւողութիւնը: Նոյն մագլցումը կ՛արձանագրեն մասնաւոր անհատներն ու ընկերութիւնները, որոնք ելեկտրածին շարժակներու ցանցեր ունին եւ ամսական դրութեամբ յաւելեալ սակեր կը գանձեն քաղաքացիէն: Լիբանանեան դասական պայմաններուն վրայ կ՛աւելնայ տարածաշրջանային պատերազմին պատճառով վառելանիւթի կտրուկ սղաճը, որ համեմատութիւններով կը բարդուի ելեկտրականութեան բազմապիսի հաշուեցոյցերուն վրայ:

Կայ կենցաղային երկրորդ տարրական խնդիրը` ջուրը: Բնակարան մը այսօր ըմպելի ջուրի համար կը դիմէ մասնաւոր ընկերութիւններու: Պետութեան տրամադրած ջուրի սակացոյցերը կտրուկ յաւելումներու ենթարկուած են: Բայց պետութեան տրամադրածը բաւարար չէ եւ յաճախ կ՛ընդհատուի յատկապէս գարնան, ամրան եւ աշնան երեք եղանակներուն: Հետեւաբար դարձեալ պէտք է դիմել ջուր մատակարարող մասնաւոր ընկերութեան, որպէսզի ջուրի շտեմարանները լեցուին: Ջուրի համար այսօր քաղաքացին ունի երեք տեղ վճարելու սակացոյցեր:

Պետութենէն ակնկալուած երրորդ ոլորտի հոգատարութիւնը կը վերաբերի դեղորայքին եւ հիւանդանոցային բուժումին կամ ընդհանրապէս առողջապահական ոլորտին: Առողջապահական ոլորտը վաճառականութեան ամէնէն աշխուժ մարզին վերածուած է Լիբանանի մէջ: Կառավարական հիւանդանոցներու ներկայ դրուածքը համապատասխան չէ բնակչութեան եւ հիւանդանոցային բուժման կարիք ունեցող թիւերուն: Պետական պատուէրներով կամ պետութեան առողջապահական ապահովագրութեան տրամադրածները ընդհանուր սակացոյցերը փակելու կարելիութիւններէն բաւական հեռու են: Իսկ մասնաւոր ընկերութիւններու մօտ ապահովագրութիւնը վեր է յատկապէս կարիքաւոր եւ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներու կարելիութիւններէն: Այստեղ համայնքային դարմանատուները կ՛աշխատին բացեր լրացնել եւ հասնիլ կարիքաւոր խաւին: Միութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ թէ լրատուամիջոցներ կը դիմեն հանգանակութիւններու, յատկապէս ծանր հիւանդութիւններ ունեցած մարդոց բուժման ծախսերը ապահովելու համար:

Նոյնը` դեղորայքի պարագային, որ սկզբունքով անվճար պէտք է տրամադրուի յատկապէս քրոնիկ  հիւանդութիւններ ունեցողներու կամ երկարատեւ դարմանումի կարօտ մարդոց, որոնք ճարահատութեան կը մատնուին, իրենց ճակատագիրը վստահելով բարեխիղճ մարդոց: Պետական ծառայութիւններու բացակայութեան կամ քաղաքացիներու կենցաղային-տարրական այս անհրաժեշտութիւնները չկարենալ սպասարկելու դիմած է, որ համայնքապատկան միութիւններ, դարմանատուներ, գրասենեակներ իրենց գործունէութիւնը կը կեդրոնացնեն բարեսիրական նպատակներու վրայ:

Բարեսիրութիւնը սակայն պետական գործառոյթ չէ: Այս բոլորը պետութեան պարտաւորութիւններն են, եւ որեւէ պետութիւն չի կրնար կայանալ, եթէ առաջին հերթին ի՛ր քաղաքացիներուն ընկերային իրաւունքներու հոգատարը չէ:

Չենք խօսիր տակաւին թոշակառու դասակարգելի խաւին երբեմն անպատսպար, անօթեւան վիճակին կամ համապատասխան ընկալելի ծառայութիւններու լիակատար բացակայութեան մասին:

Վերը նշուածները մէկ մասն են միայն այսօրուան ընկերային տագնապներուն: Ասոնք միայն աշխատաւորական դասին կամ սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն չեն վերաբերիր, այլեւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան:

Հեռանկարը դեռ չ՛երեւիր: Պարզ է սակայն, որ պետութեան վերակայացման համար հրամայական բաղադրիչ են պետութիւն-հասարակութիւն բնականոն յարաբերութիւնները: Այդ յարաբերութիւնները չեն կրնար նկատուիլ բնական, երբ պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները չեն յարգուիր:  Անվտանգութիւնը միայն ապահովական բնոյթին չի վերաբերիր: Անդորրութիւնը եւ ներքին կայունութիւնը եւս բաղադրիչներ են այս հասկացողութեան: Իսկ անոնք պայմանաւորուած են առաջին հերթին ընկերային արդարութեամբ, աշխատաւորի, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու իրականացմամբ` իբրեւ համակարգ եւ իբրեւ պետութիւն:

Leave a Comment