Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ վերջ գտաւ ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, ուր ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն Հայաստան ապահովեց իր երրորդ պրոնզ մետալը:
Արդարեւ, 61 քկ կշիռի մրցումներուն, 26 տարեկան Արսէն Յարութիւնեան պրոնզէ մետալի իր մրցումին կրցաւ 7-2 արդիւնքով յաղթել Պիելոռուսիոյ Տիմիթրի Շամելային` ապահովելով ազատ ոճի Հայաստանի երրորդ պրոնզ մետալը:
Յարութիւնեան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած էր` դուրս ձգելով մակեդոնացի Վլատիմիր Եկորովը (11-0) եւ ուքրանացի Քամիլ Քերիմովը (11-1): Սակայն ան կիսաւարտականին մրցեցաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր ռուս Զաուր Ուկուեւի դէմ (4-3), որ աւարտականին 4-0 արդիւնքով յաղթեց ալպանացի Զելիմխան Ապաքարովի եւ շահեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկի մետալը:
Նշենք, որ Արսէն Յարութիւնեան աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը շահած է 4 անգամ (2021, 2022, 2023 եւ 2025):
Արսէն Յարութիւնեան 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան ալ դարձած է (2019, 2022, 2023 եւ 2024): Արսէնի պրոնզէ մետալը երրորդն էր Հայաստանի հաւաքականին` Մանուէլ Խնձրցեանի (57 քկ) եւ Վազգէն Թեւանեանի (65 քկ) ետին:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը աւելի լաւ ելոյթներ ունեցած էր` շահելով 1 ոսկի (Մալխաս Ամոյեան), 1 արծաթ (Սուրէն Աղաջանեան) եւ 3 պրոնզէ մետալներ (Կարէն Ասլանեան, Սլաւիկ Գալստեան եւ Գասպար Տէրտէրեան):