28 ապրիլին Կարսի մէջ հանդիպած է Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ գործարկման` Հայաստան-Թուրքիա միացեալ աշխատանքային խումբը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ շրջանի փոխադրական հաղորդակցութիւններու ընդլայնման պարունակին մէջ հայկական եւ թրքական կողմերը ընդգծած են Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի շուտափոյթ գործարկման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տասնամեակներ շարունակ փակուած «տնտեսական ու հասարակական կապերու վերաբացման ուղղութեամբ այս յստակ քայլերուն ձեռնարկումը»: Դեսպանատունը սա որակած է պատմական յառաջընթաց խաղաղ ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի կերտման ճանապարհին: