Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յայտարարութիւն մը, որ հրապարակուած է անոր կայքին վրայ:
«Այսօր մենք կը միանանք Քանատայի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներուն` ոգեկոչելու յիշատակի օրը Հայոց ցեղասպանութեան, որ ծանօթ է իբրեւ Մեծ եղեռն: Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք զոհերուն եւ անոնց, որոնք աներեւակայելի տառապանքներ կրած են պատմութեան այս մութ էջին պատճառով», կը գրէ ան:
Քանատայի վարչապետը վերյիշեցուց, որ Քանատան 2006 թուականին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` «ապահովելով այս ողբերգութեան շատոնց սպասուած ճանաչումը»:
«Ճանաչման հետ մէկտեղ կու գայ նաեւ այն խոստումը, որ մենք երբեք պիտի չմոռնանք հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած հալածաքները, բռնութիւնը եւ վայրագութիւնները: Քանատայի մէջ ապրիլը կը նշուի իբրեւ Ցեղասպանութեան յիշատակի, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս` այնպիսի ժամանակ, երբ պէտք է մտածել անտեղեակութեան եւ յանցակցութեան հետեւանքներուն մասին: Ատելութեան դիմակայելու պատասխանատուութիւնը բոլորիս կը պատկանի, եւ այդ պատասխանատուութիւնը կը սկսի յիշողութենէն: Յիշողութեան միջոցով մենք կը պարտաւորուինք զգօն ըլլալ, որպէսզի այս վայրագութիւնները երբեք չկրկնուին», շեշտեց Քանատայի վարչապետը:
Միւս կողմէ, յաջորդ շաբաթ եւրոպացի ղեկավարներու հետ Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի այցելէ նաեւ Քանատայի վարչապետը` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ Եւրոպական յանձնաժողովի կայքը:
Մարք Քառնի պիտի ըլլայ եւրոպական այս ձեւաչափի հաստատումէն ի վեր առաջին ոչ-եւրոպացի ղեկավարը, որ իբրեւ հիւր պիտի մասնակցի այս հաւաքին:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, վեհաժողովը պիտի գումարուի «Կառուցելով ապագան. միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայի մէջ» կարգախօսին ներքեւ:
Վեհաժողովին հրաւիրուած են Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրները, ինչպէս նաեւ գործընկեր պետութիւններ, որոնց շարքին` Ազրպէյճանն ու Թուրքիան:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ առայժմ ո՛չ Պաքուէն, ո՛չ ալ Անգարայէն արձագանգած են Երեւանի ուղարկած հրաւէրներուն: