Նախորդ շաբաթ հաղորդուեցաւ, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ քանդուած են Մայր տաճարն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցին: Կրօնական եւ մշակութային տարբեր կազմակերպութիւններ դատապարտեցին քանդումը:
Պաքու 27 ապրիլին հաստատեց, որ երկու «ապօրինի կառոյցներու» քանդումը կարելի չէ դիտարկել իբրեւ կրօնական կամ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Փրակայի գրասենեակին մէջ արբանեակային թարմ լուսանկարները սերտելով կարելի է յստակ տեսնել` հսկայ մայր տաճարին տեղը սպիտակ սալայատակն է, Սուրբ Յակոբին տեղը` սեւ հող:
Կովկասի իսլամներու վարչութիւնը պատասխանեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի օրեր առաջ տարածած հաղորդագրութեան, որուն մէջ խստօրէն դատապարտուած էր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը` պնդելով, որ «այս երկու եկեղեցիները բռնագրաւումի խորհրդանիշներ էին»:
«Հայրենի տարածքներ վերադարձող նախկին հարկադիր տեղահանուածները բազմիցս դիմած են պետական մարմիններուն, դատական ատեաններուն` բռնագրաւման ընթացքին կառուցուած շինութիւնները կազմաքանդելու պահանջով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան հարց տուաւ, թէ որո՞նք կը վերադառնան` նշելով, որ Ստեփանակերտի մէջ շատ քիչ էին ազրպէյճանցիները եւ կը բնակէին Կրկժանի վերին թաղին մէջ եւ ոչ եկեղեցւոյ յարակից թաղերուն:
«Ստեփանակերտում միշտ էլ հայ բնակչութիւնը ոչ թէ մեծամասնութիւն է կազմել, այլ եղել է գերակշռող, այսինքն` Ստեփանակերտը միշտ եղել է մեծամասամբ հայաբնակ քաղաք: Ազրպէյճանցիներն ապրել են որոշակիօրէն Կրկժանի վերին թաղում, եղել են տարբեր շրջաններից բերուած 1960-ականներին, որպէսզի փոխեն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդագրական իրավիճակը: Այնպէս որ, Կովկասցի մահմետականների միութեան յայտարարութիւնն իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ան:
Պաքու կը պնդէ, որ եկեղեցիները Ազրպէյճանի համաձայնութեամբ չեն կառուցուած, ուստի զանոնք քանդելով իրենք կը վերականգնեն օրինականութիւնը, որ խախտած է «բռնագրաւման» տարիներուն:
Ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, ասիկա ոչ թէ բռնագրաւողներու, այլ բնիկներու մշակոյթն է:
«Դա միջազգային իրաւական որեւէ բանի չի դիմանում, որովհետեւ շատ վաղուց Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքը` դեռեւս սկսած ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահողների բոլոր յայտարարութիւններում, փաստաթղթերում ճանաչուել է Լեռնային Ղարաբաղի` Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը` որպէս բնիկների: Եթէ մենք բռնագրաւող էինք, ապա Խորհրդային Միութիւնն ինչո՞ւ է Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմում Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ ստեղծել», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ազրպէյճանի իսլամներու վարչութիւնը 30 տարուան ընթացքին կառուցուած եկեղեցիներու վերացման հիմքեր կը ներկայացնէ, բայց այդպէս ալ ոչինչ կ՛ըսուի այն մասին, թէ ինչո՛ւ քանդած են 18-19-րդ դարերու Շուշիի Կանաչ ժամը, Մոխրենեսի եկեղեցին: Պաքու ինքզինք կը գովէ պնդելով, որ «հանդուրժող է», այդ երկրին մէջ կողք-կողքի «եկեղեցի, մզկիթ ու սինակոկ կը գործէ»:
«Եթէ իրենք այդպէս հանդուրժող են եւ պահպանում են այդ թւում` հայկական եկեղեցիները` բերելով Պաքուի օրինակը, ապա ո՞ւր են Նախիջեւանի 27 հազար յուշարձանները, հիւսիսային Արցախի յուշարձանները», հարց տուաւ Յովհաննիսեան:
Այժմ ալ վտանգուած է Արցախի խորհրդանիշ «Տատիկ-պապիկ»-ի յուշարձանը: Բայց եւ այնպէս, Հայաստանի իշխանութիւնը արդէն յայտարարած է` միջազգային կառոյցներու պիտի չդիմէ ազրպէյճանցիներուն կողմէ Ստեփանակերտի մայր տաճարի ոչնչացման փաստով:
Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետը վստահ է` Հայաստանի իշխանութեան անգործութիւնը աւելի սանձարձակ կը դարձնէ Պաքուն: