«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Եւ Նիւ Եորք Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի աստղեր Անթոնի Էտուըրտծ եւ Տանթէ Տիվինչենցօ վիրաւորուեցան երէկ, բայց Մինեսոթա կրցաւ պարտութեան մատնել Տենվըր Նակեթցը` 112-96 արդիւնքով:

Այօ Տոսունմու 43 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, եւ հակառակ Տենվըր Նակեթցի մարզիկ Ժամալ Մարէյի (30 կէտ) եւ Նիքոլա Եոքիչի (24 կէտ եւ 15 ռիպաունտ) լաւ ելոյթներուն, Մինեսոթա յառաջացաւ 3-1 ճակատումներու արդիւնքով:

Նիւ Եորք Նիքս իր կարգին շատ կարեւոր մրցումի մը կրցաւ յաղթել Աթլանթա Հաքսին (113-102), ուր Ճէյլըն Պրանսըն 28 կէտ նշանակեց Քարլ Անթոնի Թաունզի 25 կէտերուն կողքին, եւ Նիքս կրցաւ հաւասարեցնել ճակատումներու արդիւնքը 2-2-ի:

Ստորեւ կը ներկայացնենք փլէյ օֆի ճակատումներուն արդիւնքները.

Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 3-1
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 1-3
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք 1-2
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 2-2
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 3-1
Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս 2-2
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Ֆինիքս Սանզ 3-0
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 3-1

Leave a Comment