Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն Միւնիխի Իրագործումը. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Չելսի Հասան Աւարտական

. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ «Պունտեսլիկա»-ի ախոյեան Պայերն Միւնիխ 31-րդ հանգրուանի իր մրցումին մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով ներկայացուցած էր Մայնցի դէմ մրցումին, եւ կիսախաղին 3-0 արդիւնքով ետ կը մնար:

Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Հերի Քէյն եւ Մայքըլ Օլիսէ, եւ արդէն 7-րդ վայրկեանին 3-1 եղաւ արդիւնքը շնորհիւ Նիքոլաս Ճեքսընի, Այս կոլէն 3 վայրկեան ետք Եոսիփ Սթանիշիչ եւ Ժամալ Մուսխալա դաշտ ներկայացան, եւ Պայերնի առիթները բազմապատկուեցան:

10 վայրկեանի ընթացքին 73-րդ վայրկեանէն 83-րդ վայրկեան Պայերն 3 կոլ նշանակեց շնորհիւ Օլիսէի, Մուսխալայի եւ Քէյնի` 3-0 արդիւնքով պարտութիւնը շրջելով 3-4 արդիւնքով յաղթանակի:

. ԱՆԳԼԻՈՅ մէջ ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտականի մրցումները տեղի ունեցան:

Կը կարծէր, որ Սաութհեմփթըն անակնկալ պիտի արձանագրէ 1-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Մանչեսթըր Սիթիի դէմ մրցումին: Այս կոլէն 3 վայրկեան ետք, Ժերեմի Տոքիւ փոխադարձեց (82-րդ վայրկեան) եւ 5 վայրկեան ետք փոխանցեց սպանացի Նիքոյին, որ սքանչելի հարուածով մը գրաւեց Սաութհեմփթընի բերդը:

Սիթի այս ձեւով հասաւ աւարտական, ուր Ուեմպլիի մէջ (16 մայիսին) պիտի մրցի Չելսիի դէմ: Չելսի մեծ դժուարութեամբ կրցաւ յաղթել Լիծ Եունայթըտին, որ շատ աւելի վտանգաւոր խումբ էր: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի Էնզօ Ֆեռնանտես:

«Փրեմիեր լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Արսենալ վերագրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Նիւքեսըլը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Էպերեչի Էզէ` գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք գերմանացի Քայ Հավերթցէն: Հետաքրքրականը այն է, որ Հավերթց եւ Էզէ վիրաւորուեցան ու փոխարինուեցան մրցումի ընթացքին: Արսենալի մարզիչ Միքէլ Արթթա յայտնեց, որ Հավերցի եւ Էզէի պարագաները մկանային պրկումներ էին` աւելի լուրջ քննութիւններէ անցնելէ առաջ:

Լիվըրփուլի հետ շատ հաւանաբար իր վերջին ելոյթը ունեցաւ եգիպտացի Մոհամետ Սալահ, որ 59-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ Քրիսթըլ Փելեսի դէմ մրցումին:

Տարեշրջանի աւարտին Լիվըրփուլէն մեկնող այլ մարզիկ մը` Էնտրու Ռոպերթան նշանակեց «կարմիրներ»-ուն երկրորդ կոլը, Ալեքսանտր Իսաքի բացման կոլէն 5 վայրկեան ետք: Ֆլորիան Վիրց 96-րդ վայրկեանին նշանակեց Լիվըրփուլի 3-րդ կոլը, որ Լիվըրփուլը հաստատեց 4-րդ դիրքին վրայ: Քրիսթըլ Փելեսի կոլը նշանակած էր Տանիէլ Մունոս:

. ՍՊԱՆԻՈՅ մէջ, 33-րդ հանգրուանին Պարսելոնա աւելի եւս հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Խեթաֆէի դաշտին վրայ առանց խմբապետ Ռաֆինայի եւ Լամին Եամալի:

Ռէալ Մատրիտ կոլ մը նշանակելէ ետք Վինիսիուս Ժունիորի շնորհիւ, 94-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ Պեթիսի դաշտին վրայ եւ այժմ 11 կէտերով ետ կը մնայ Պարսելոնայէն:

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անժեն եւ 6 կէտերով հեռացաւ 2-րդ դիրքը գրաւող Լանսէն:

. ԻՏԱԼԻՈՅ մէջ, Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, 2 ուշ կոլեր ստացաւ Թորինոյի դաշտին վրայ եւ կորսնցուց իր առաելութիւնը 12 կէտերու բարձրացնելու առիթը ախոյեան Նափոլիի վրայ: 4 հանգրուաններ կան տակաւին, եւ Ինթեր Միլան 3 կէտերու պէտք ունի դառնալու Իտալիոյ ախոյեան 21-րդ անգամ ըլլալով:

Leave a Comment