Մարաթոն. Սեպասթիան Սաուէ Նոր Մրցանիշ Հաստատեց. Ասեֆա Աղջկանց Իր Մրցանիշը Բարելաւեց

Կիրակի օր Լոնտոնի մարաթոնը ծայր աստիճան հետաքրքրական դրուագներով հարուստ էր: Քենիացի Սեպասթիան Սաուէ առաջին անգամ ըլլալով մարաթոնը կտրեց 2 ժամի սահմաններէն առաջ:

Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Սաուէ սուր պայքարէ ետք միայն կրցաւ գերազանցել եթովպիացի Եոմիֆ Քեյելչային` աւարտի գիծը կտրելով 1 ժամ 59 վայրկեան եւ 30 երկվայրկեանէն: Պէտք է ըսել, որ Քեյելչա իր կարգին 2 ժամէն կանուխ աւարտեց մրցումը` արձանագրելով 1 ժամ 59 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան: Ուկանտացի Եաքուպ Քիփլոմօ գրաւեց 3-րդ դիրքը` 2 ժամ եւ 28 երկվայրկեան արդիւնքով: Առաջին երեք մարզիկներն ալ նախկին մրցանիշէն աւելի լաւ արդիւնք արձանագրեցին: 2023-ին Շիքակոյի մարաթոնին Քելվին Քիփթըմ 2 ժամ եւ 35 երկվայրկեանով մրցանիշ մը արձանագրած էր:

2019-ին քենիացի Էլիուտ Քիփչոկէ 1 ժամ 59 վայրկեան եւ 40 երկվայրկեան արձանագրած էր (հոկտեմբերին), բայց օրին այդ արդիւնքը օրինաւոր չէր նկատուած` նկատի ունենալով, որ ան տարբեր մարզական կօշիկով վազած էր: Օրինաւոր եւ պաշտօնական մրցումներու ընթացքին մարզական կօշիկները պէտք է վաւերացուած ըլլան, ինչպէս նաեւ աշխուժացնող ըմպելիներ չեն բաժնուիր մրցումի պահուն:

Աղջկանց մարաթոնին, եթովպիացի Թիկսթ Ասեֆա կրցաւ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով յաղթական դուրս գալ` բարելաւելով իր անձնական մրցանիշը միայն աղջկանց մարաթոնի գծով:

2024-ի Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Ասեֆա երեք հոգինոց սուր պայքարէ ետք մրցումի վերջին մասին կրցաւ հեռանալ քենիացի զոյգ մրցակիցներ Հելեն Օպիրիէն եւ Ժոյսիլին Եփքոսկէէն` արձանագրելով 2 ժամ, 15 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան ժամանակ: Ան 9 երկվայրկեանով բարելաւեց անցեալ տարուան իր ձեռք ձգած մրցանիշը:

 

Leave a Comment