Ըմբշամարտ. Հայ Ըմբիշները Կը Շարունակեն Մետալներու Նուաճումը

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Վազգէն Թեւանեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:

Թիրանայի մէջ (Ալպանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 65 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Թեւանեան յաղթեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Ռաշիտ Պապածէին եւ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց զայն:

57 քկ կշիռի պրոնզ մետալակիր դարձաւ Մանուէլ Խնձրցեան, որ 18-6 արդիւնքով յաղթեց Սերպիոյ ներկայացուցիչ Ազամաթ Արթուրովիչ Թուսքայեւին:

79 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Հրայր Ալիխանեան պարտուեցաւ ֆրանսացի Զելիմխան Խաճիեւի դէմ մրցումին:

92 քկ կշիռի մրցումներուն, Մուշեղ Մկրտչեան պիտի մրցի թուրք Ֆաթիհ Ալթընպաշի դէմ` պրոնզ մետալի մրցումին հասնելու համար:

Յունահռոմէական ոճի վերջին օրուան մրցումներուն, 60 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Սուրէն Աղաջանեան դարձած էր Եւրոպայի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալ: Ան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Սերպիոյ ներկայացուցիչ Կէորկիչ Թիպիլովի հետ, բայց վերջինս դարձաւ ախոյեան, որովհետեւ ան շահած էր մենամարտի առաջին կէտը:

67 քկ կշիռի մրցումներուն, Սլաւիկ Գալստեան դարձած էր պրոնզ մետալակիր` 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Հրուշինը:

72 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան իր կարգին դարձած էր պրոնզ մետալակիր` պարտութեան մատնելէ ետք ռուս Ալեքսանտր Լիավոնչիքը:

Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի խմբային դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց 4-րդ դիրքը: Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտին 5 մետալ կը նուաճէ Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:

Ոսկի մետալ շահած էր Մալխաս Ամոյեան, փոխախոյեան դարձած էր Սուրէն Աղաջանեան, իսկ պրոնզ մետալներ շահած էին Կարէն Ասլանեան, Սլաւիկ Գալստեան եւ Գասպար Տէրտէրեան:

 

Leave a Comment