Զախարովա. «Ռուսիան Հայ Ժողովուրդին Հետ Միասին Կը Սգայ Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Օրը»

Ռուսիան հայ ժողովուրդին հետ կը միասին կը սգայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի օրը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Այսօր մենք մեր խոր կարեկցանքը կը յայտնենք հայ ժողովուրդին, ինչպէս միշտ անոր հետ կը սգանք այս օրը: Ես նաեւ պիտի ուզէի յիշեցնել, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումը առարկայական եւ հետեւողական է` ազգային յատկանիշով զանգուածային ոչնչացումը չի կրնար արդարացում ունենալ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է դիւանագէտը:

Զախարովա ընդգծած է, որ Ռուսիոյ մէջ սկիզբէն այս սարսափելի ողբերգութիւնը ընկալած են իբրեւ սեփական վիշտ:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ եկեղեցիներու ոչնչացման` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծեց. «Դիմելու պարագային մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու, սակայն նման հարցերը նախ եւ առաջ պէտք է ուղղել Հայաստանի ղեկավարութեան»:

«Մենք մեր կարգին կ՛ըսենք: Ես հիմա ալ կրնամ ըսել, որովհետեւ մենք բազմիցս բարձրացուցած ենք յուշարձաններու դէմ պատերազմի անթոյլատրելիութեան նիւթը: Ո՞վ, եթէ ոչ մենք, գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ, երբ քու մշակոյթի, հասարակաց մշակոյթի եւ պատմութեան ընդհանուր ժամանակաշրջաններու հետ կապուած յուշարձանները անհիմն կերպով կ՛ոչնչացուին: Եւ մենք չենք փոխեր մեր մօտեցումները, մենք այս հարցին մէջ չունինք երկակի արժեչափեր: Մեր արժեչափերը մէկ են` ատիկա չի՛ կրնար տեղի ունենալ, ուր ալ ըլլայ», ըսած է Զախարովան:

Զախարովա յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւնները կը նախատեսէին նաեւ մարդասիրական հաշտեցման ուղի:

«Միշտ ալ կան տարբեր նրբերանգներ` տնտեսական, գումակային, քաղաքական: Միշտ կարելի է համաձայնիլ եւ գտնել եզրեր: Կը յիշեցնեմ` 2020-էն 2022 թուականներուն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակով կնքուած եռակողմ համաձայնութիւնները կը նախատեսէին նաեւ մարդասիրական հաշտեցման ուղի: Անիկա կը ներառէ բոլոր պահուող անձերու վերադարձի եւ փոխանակման նիւթերը, ինքնին յուշարձաններու, ճարտարապետական կոթողներու, յուշահամալիրներու նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքը, երեւելի կառոյցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու գծով անյայտ կորսուածներու որոնման տեղեկատուութեան փոխանակումը», աւելցուցած է Զախարովա:

Leave a Comment