Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Որոշ Երկիրներու Քաղաքական Գործիչներ Կը Շահագործեն 1915-ի Իրադարձութիւնները Իրենց Շահերուն Համար»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 24 ապրիլին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Հարաւային Կովկասի մէջ ձեւաւորուող խաղաղութեան եւ հաշտեցման մթնոլորտը շրջանը կայունութեան եւ համագործակցութեան աւազան տեսնել ձգտողներուն կողմէ եռանդուն արձագանգ է անոնց, որոնք կը փորձեն պատմութենէն թշնամանք յառաջացնել:

«1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ բանավէճին մէջ կողմերը յստակ դիրքորոշում ունին այս հարցի քաղաքական շահագործման դէմ:

«Ընդհակառակն` կը նկատուի, որ որոշ երրորդ երկիրներու քաղաքական գործիչներ կը ձգտին շահագործել այս հարցը իրենց նեղ քաղաքական շահերուն համար կամ կը փորձեն թաքցնել իրենց սեփական պատասխանատուութիւնը:

«Թուրքիան, որ դարեր շարունակ պահպանած է համակեցութեան մշակոյթի ամէնէն ուժեղ օրինակները, իր արխիւները բացած է եւ առաջարկած ստեղծել համատեղ պատմական յանձնախումբ` 1915 թուականի իրադարձութիւնները արդար եւ առարկայական կերպով ուսումնասիրելու նպատակով: Այս առաջարկը կը մնայ սեղանի վրայ:

«Մենք կառուցողական մտադրութիւններ ունեցող երրորդ կողմերը կը հրաւիրենք աջակցելու համատեղ եւ արդար յիշողութեան հասնելու ջանքերուն եւ վերջերս ձեւաւորուած երկխօսութեան դրական մթնոլորտին»:

Leave a Comment