Փութին. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ցոյց Տուաւ, Թէ Այլատեացութիւնը Ինչի՛ Կը Յանգեցնէ»

Հայոց ցեղասպանութիւնը ցոյց տուաւ, թէ այլատեացութիւնը ինչի՛ կը յանգեցնէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներուն մասնակիցներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«Այսօր մենք մեր գլուխները կը խոնարհեցնենք հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հարիւր հազարաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ. ատիկա 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկն է: Դաժան հաշուեյարդարը անպաշտպան, անմեղ մարդոց նկատմամբ, որոնք սպաննուեցան, վիրաւորուեցան, վտարուեցան իրենց հարազատ քաղաքներէն ու գիւղերէն, ցնցեց ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը, իսկ ատոր աղէտալի հետեւանքները համոզիչ կերպով ցոյց տուին, թէ կրօնական թշնամանքի հրահրումը, ազգայնականութիւնը եւ այլատեացութիւնը ինչի՛ կը յանգեցնեն», ըսուած է ուղերձին մէջ:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ այս հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը միշտ եղած է անփոփոխ, եւ տակաւին 1915 թուականի մայիսին անիկա իր արտացոլացումը գտած է Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միացեալ հռչակագիրին մէջ, որ կը դատապարտէր հայ ժողովուրդին նկատմամբ բռնութիւնը իբրեւ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ բռնութիւն, իսկ աւելի ուշ` Պետական տումայի 14 ապրիլ 1995-ի` «իր պատմական հայրենիքին մէջ` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 1915-1922 թուականներու հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը դատապարտելու մասին» որոշման մէջ:

Leave a Comment