«Այս տարի մենք յարգանքով կը յիշատակենք օսմանցի հայերը, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ, եւ անգամ մը եւս իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց սերունդներուն»: «Ակօս» կը հաղորդէ, որ այս խօսքերը նշուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցաւակցական ուղերձին մէջ, զոր ան յղած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանին եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին 24 ապրիլ 1915-ի 111-ամեակին առիթով:
Էրտողանի, որ 2012 թուականէն ի վեր ամէն տարի ապրիլ 24-ին ցաւակցական ուղերձ կը յղէ, այս տարուան ուղերձը կարդացած է պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր աւագ քհնյ. Տամատեան` Ալթմերմերի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած «Սուրբ նահատակներու յիշատակութեան կարգի» ժամանակ:
Նախագահ Էրտողանի ուղերձին մէջ ներառուած են հետեւեալ յայտարարութիւնները.
«Թուրքիոյ հայոց պատրիարք, Ամենապատիւ Տ. Սահակ Մաշալեան, Հայ համայնքի յարգելի՛ անդամներ, սիրելի՛ քաղաքացիներ, ձեզ կ՛ողջունեմ անկեղծ զգացումներով ու սիրով:
«Այս տարի մենք յարգանքով կը յիշատակենք օսմանցի հայերը, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ, եւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց սերունդներուն:
«Օսմանեան կայսրութեան փլուզման ժամանակ անոնք, որոնք կեանքէն հեռացան բռնագրաւումի, բախումներու, ապստամբութիւններու, աւազակախումբերու գործունէութեան, ահաբեկչական գործողութիւններու եւ համաճարակներու պատճառով, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք վտարուեցան իրենց հողերէն Պալքաններէն, Կովկասի մէջ եւ Արաբական թերակղզիին մէջ, եւ օսմանեան բոլոր ժողովուրդները, որոնց տուները աւերուեցան Անատոլուի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ, կրեցին խոր ցաւ:
«Դժբախտաբար, Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու շարքին, որոնք գոյութիւն ունեցած եւ արժէքաւոր ներդրում ունեցած են օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող մարդոց կեանքի բոլոր ոլորտներու մէջ, եղած են նաեւ անոնք, որոնք մեծապէս տուժած են:
«Մենք յաջողեցանք հիմնադրել Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` չմոռնալով այս ցաւերը, սակայն իմանալով ինչպէս զանոնք յաղթահարել:
«Խաղաղութեան, ներդաշնակութեան եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած աւելի լաւ օրերու հասնելու համար մենք կ՛աշխատինք, կը ջանանք մեր բոլոր քաղաքացիներուն եւ բարեկամներուն հետ միասին` անկախ անոնց ազգային կամ կրօնական ինքնութենէն:
«Մենք կը ձգտինք ապագայ սերունդներուն ձգել ժառանգութիւն մը, ուր ոչ թէ վատ յիշողութիւնները, այլ ճշմարտութիւնը կը կապենք խղճի լեզուի հետ:
«Մենք լաւագոյն պատասխանը կու տանք անոնց, որոնք կ՛ուզեն պատմութենէն թշնամանք սերմանել` որդեգրելով մօտեցում մը, որ առաջնահերթութիւն կու տայ խաղաղութեան, կարեկցանքին եւ երկխօսութեան, զերծ է գաղափարական շրջանակներէ եւ հիմնուած է հաշտեցման եւ ոչ թէ հակամարտութեան վրայ:
«Իբրեւ 86 միլիոն մարդ, մենք միասին պիտի կերտենք մեր ապագան եւ այն ժառանգութիւնը, որ պիտի ձգենք մեր թոռներուն:
«Այս միտքերով ես կը վերահաստատեմ իմ հասարակաց վիշտը հայ համայնքին հետ` անցեալին անոնց կրած տառապանքներուն համար, եւ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշատակեմ կեանքէն հեռացած բոլոր օսմանցի քաղաքացիները»: