Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք անթիւ հայերու յիշատակին, որոնք աքսորուեցան եւ դաժանաբար սպաննուեցան Մեծ եղեռնի տարիներուն: Մենք մեր անսասան համերաշխութիւնը կը յայտնենք իւրաքանչիւր ամերիկահայու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան յիշատակի այս օրուան ընթացքին` ոգեկոչելով աւելի քան 100 տարի առաջ տեղի ունեցած կործանարար իրադարձութիւնները, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ այդ համայնքներու հաւաքական յիշողութեան մէջ: Այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Մարդկութեան պատմութեան այս սթափեցնող գլուխը յաւերժ պիտի մնայ իբրեւ հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգիի եւ քրիստոնէութեան հիմքին մէջ գտնուող յոյսի վկայութիւն: Մենք կը մեծարենք հայերու դրսեւորած խոր ուժն ու վճռականութիւնը` յաղթահարելու անցեալի ահռելի ողբերգութիւնները եւ կերտելու աւելի մեծ ապագայ, որ կը բնորոշուի տեւական բարօրութեամբ, անվտանգութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Մենք յանձնառու պիտի ըլլանք անոնց կողքին ըլլալու:
«Վարչակազմը կ՛ամրապնդէ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը` հայ ժողովուրդին համար նշանակալի կարելիութիւններ ստեղծելով եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ երկարատեւ կայունութիւն խթանելով: Եւ հիմա ամերիկացիներն ու հայերը կողք-կողքի կանգնած են պատմական Խաղաղութեան խորհուրդի մէջ` միաւորուած մէկ նպատակի շուրջ` ուժի միջոցով խաղաղութեան նոր դարաշրջան սկսելու հարցին մէջ:
«Հայոց յիշատակի այս օրը, երբ մենք կը սգանք Մեծ եղեռնի ողբերգութեան ժամանակ զոհուած անմեղ հոգիներու համար, մենք կը վերահաստատենք մեր սուրբ կոչը` պաշտպանելու անմեղները, յառաջ մղելու բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան գործը եւ մշակելու խոր երկիւղածութիւն Ամենակարող Աստուծոյ հանդէպ, որ զօրավիգ կ՛ըլլայ մեզի իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ժամանակ, որ մեզ կը պահէ իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ընթացքին», գրած է Թրամփ: