Մաքրոն. «Ֆրանսան Կ՛ոգեկոչէ 1915 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցը Եւ Կը Խոնարհի Զոհերու Յիշատակին Առջեւ»

Ֆրանսան կ՛ոգեկոչէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը եւ կը խոնարհի զոհերու յիշատակին առջեւ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:

«Այս ապրիլ 24-ին Ֆրանսան կ՛ոգեկոչէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը եւ կը խոնարհի զոհերու յիշատակին առջեւ: Ասիկա առիթ է յիշելու, փոխանցելու եւ ընդգծելու այն անքակտելի կապը, որ Ֆրանսան կը միացնէ Հայաստանին, իսկ ֆրանսացիները` հայերուն», գրած է Ֆրանսայի նախագահը:

29 յունուար 2001-ին Ֆրանսան դարձաւ եւրոպական առաջին մեծ երկիրը, որ ցեղասպանութեան ճանաչման տուաւ օրէնքի ուժ, իսկ 2019 թուականին նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հրամանագիրով ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր:

Leave a Comment