Գաղութէ Գաղութ

Միացեալ Նահանգներ

Արեւմտեան Թեմի Բարերար Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

7 ապրիլին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան թեմի բարերար, շքանշանակիր տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանի եւ այս առիթով հիւրին յանձնեց հայրապետական կոնդակի օրինակը, որ շնորհուած էր «Կիլիկեան իշխան» շքանշանի ստացման առիթով:

Սրբազան հայրը նաեւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրի այս տարեշրջանի կնքահայր Իսրայէլեանի հետ, ապա միատեղ քննարկուեցան յիշեալ ծրագիրի առաւել եւս մշակման եւ համայնքային կեանքէն ներս հոգեւոր ու կրթական կեանքի վերաշխուժացման կարելիութիւնները` յօգուտ նոր սերունդի զաւակներուն հայ քրիստոնէական դիմագիծի անաղարտ պահպանման եւ հաւատքի ամրապնդման:

Արտաշէս Քասախեան Ընտրուեցաւ Կլենտէյլի Քաղաքապետ

14 ապրիլին Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդը քաղաքապետ ընտրեց Արտաշէս (Արտի) Քասախեանը, որ 21 ապրիլին պիտի յաջորդէ քաղաքապետ Արա Նաճարեանին:

Քասախեան, որ 2022-2023 տարեշրջանին եւս ստանձնած էր Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին նաեւ նահանգային, շրջանային եւ քաղաքային մակարդակի շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնած է եւ ծանօթ է նաեւ իր հայանպաստ կեցուածքներով: Ան նաեւ Կլենտէյլի մէջ բազմակարծութեան նեցուկ կանգնած է եւ ջատագոված է կառավարման թափանցիկ մօտեցումը:

Քասախեան ծնած է Պոսթըն, 1976-ին: 1986-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կլենտէյլ` յաճախելով քաղաքի հանրային վարժարանները, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ` պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան հանրային քաղաքականութեան եւ վարչութեան մարզին մէջ մագիստրոսի վկայականին արժանացած է Իլինոյի «Նորթուեսթըրն» համալսարանէն: Քաղաքական ասպարէզին նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնները սկսած են զարգանալու համալսարանական տարիներուն: Ան 2001-2004 եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի վարիչ-գործավարը: Քասախեան առաջին անգամ 2005-ին ընտրուած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար` հանդիսանալով այդ պաշտօնը ստանձնող ամէնէն երիտասարդ անձը: Ան 2020-ին ընտրուած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:

Քոնկրեսականներ Արդարութիւն Հաստատելու Կոչ Ուղղեցին Քոնկրեսին Մէջ Տեղի Ունեցած Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ընթացքին

15 ապրիլին աւելի քան քսան հանրապետական եւ դեմոկրատական ծերակոյտի անդամներ մասնակցեցան ծերակոյտի շէնքին մէջ տեղի ունեցած «Հայոց ցեղասպանութիւն. յիշատակումէն պատասխանատուութիւն. արդարութիւն դար մը ցեղասպանութեան համար` Հայաստանէն Արցախ, 1915-2023» խորագիրը կրող Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման, որ իրականացաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի հայկական համագումարին եւ ծերակոյտի հայկական համախմբումին համագործակցութեամբ եւ առիթ հանդիսացաւ արդարութիւն հաստատելու կոչեր կատարելու ոչ միայն 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ 2023-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան համար:

Հանդիսավարն էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր միջազգային իրաւագիտութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, որոնք շեշտեցին, թէ մարդկութեան դէմ ոճիրներ իրագործած յանցագործներուն դէմ պէտք է պատժական քայլեր որդեգրուին նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխելու համար:

Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ` Նենսի Փելոսի, Ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս, Տէյվիտ Վալատաօ, Պրետ Շըրմըն, Ճուտի Չու, Լորա Ֆրիտմըն, Ճիմ Քոսթա, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Տինա Թայթըս եւ ուրիշներ:

Քոնկրեսականները շեշտեցին, որ ժամանակը հասած է խօսքէն գործի անցնելու` պահանջելով վնասուց հատուցում ապահովել ցեղասպանութեանց զոհերուն, ինչպէս նաեւ ապահովել Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով գերի պահուող Արցախի ղեկավարներու եւ այլ հայ պատանդներու ազատ արձակումը ու պատժամիջոցներ որդեգրել Ազրպէյճանի դէմ:

Նշենք, որ նոյն օրը, «Քենըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» խորագիրով ներկայացումը, որուն հրաւիրուած էին քոնկրեսականներու անձնակազմերը եւ հանրութիւնը:

Ներկայացումին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մտահոգիչ կէտերը եւ պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը` իրենց գործած յանցանքներուն համար:

Ներկայացումը առաջնորդեցին դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան եւ իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, որոնք ազդարարեցին, թէ անկատար խաղաղութեան համաձայնութիւն մը դուռ պիտի բանայ նոր ցեղասպանութիւններու առջեւ, եւ շեշտեցին, որ իսկական խաղաղութեան կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ միայն արդարութեան հիման վրայ:

Քանատա

Վազգէն Էթիեմեզեանի «Գրական Եւ Իմացական Էջեր» Գիրքին Շնորհահանդէսը

15 մարտին Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրատարածի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Էթիեմեզեանի «Գրական եւ իմացական էջեր» գիրքին շնորհահանդէսը: Գրատարածի անդամ Արշօ Զաքարեան յայտնեց, որ գրատարածի կազմակերպած գիրքի շնորհահանդէսներուն 110-րդ է սոյն շնորհահանդէսը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Վազգէն Էթիեմեզեանի կենսագրական տուեալները` նաեւ անդրադառնալով անոր հրատարակած բազմաթիւ յօդուածներուն, պատմուածքներուն, գիրքերու վերլուծումներուն, թարգմանութիւններուն եւ արձակ գրութիւններուն, նաեւ` անոր գրական վաստակին:

Հատորը ներկայացուց Յարութիւն Պէրպէրեան, որ աշխատակցած է հեղինակին հետ, մօտէն ճանչցած է զայն եւ լաւապէս տպաւորուած Է անոր կարողութիւններով: Ան նկատել տուաւ, որ Վազգէն Էթիեմեզեան զգացած եւ տառապած է հայօրէն, ապրելու մարմաջով, ներքին պայքարով եւ երիտասարդական խինդով: Իր գրութիւնները հրատարակուած են 1962-էն սկսեալ, երբ միայն 19 տարեկան էր, մինչեւ իր մահը 1996-ին` 53 տարեկանին:

Պէրպէրեան վերլուծեց զանազան գրութիւններ, որոնք գիրքին առաջին մասին մէջ տեղադրուած են եւ կը կրեն «Պատմուածքներ եւ գեղարուեստական էջեր» վերնագիրը: Ան յայտնեց, որ Էթիեմեզեանի գեղարուետական արձակը երեք յստակ փուլերէ կ՛անցնի իր արծարծած թեմաներով ու հասունութեամբ, անկեղծ է իր ստեղծագործութեան հանդէպ, գրական արտայայտութեան տարբեր ձեւեր կը փորձէ, իր հորիզոնները շարունակ կ՛ընդարձակէ, կեղծ բարոյական դատումներ չի կատարեր եւ չի խուսափիր մարդու աշխարհին մութ երեսները եւս պեղելէ:

Բանախօսը անդրադառնալով գիրքին երկրորդ մասին, որ կը կրէ «Յօդուածներ եւ գրախօսական մշակոյթի արմատներ» խորագիրը, ըսաւ, որ այդ բաժինը աշխարահռչակ հոգեբաններու, աստուածաբաններու, փիլիսոփաներու, իմաստասէրներու եւ տեսաբաններու միտքերը կ՛արծարծէ ներկայ մեր կեանքի անցուդարձերուն հետ, իսկ երրորդ մասը` «Իմացական էջեր»-ը, կ՛անդրադառնայ հայ գրողներու, լեզուագէտներու եւ բանաստեղծներու գործերուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Պէրպէրեան դիտել տուաւ, որ կարելի չէ Վազգէն Էթիեմեզեանի գործերը մէկ ժամուան մէջ ներկայացնել: Այդ մէկը կը կարօտի տարուան մը վրայ երկարող դասընթացքի, որպէսզի արդարօրէն կարենանք լաւապէս ուսումնասիրել:

Շանթ Տէօքմէճեան, Վարագ Պապեան և Լուսին Մանկասարեան իրենց ընթերցումներով ցոլացուցին հեղինակին զանազան ու իւրայատուկ գրելու, արձագանգելու եւ ստեղծելու ձիրքերը:

Աւարտին Համազգայինի կողմէ երկու գրական գիրքեր նուիրուեցան Յարութիւն Պէրպէրեանին, որմէ ետք Սիմոն Հասըրճեան եւ Կարին Սաղտըճեան պատմեցին իրենց ունեցած յուշերը Վազգէն Էթիեմեզեանի հետ:

Գառնիկ Ա. Քհնյ. Գոյունեանի «Սփիւռք Ինքնութիւն/Այլութիւն» Հատորի Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին, 16 ապրիլին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի խմբագրած «Սփիւռք ինքնութիւն / այլութիւն» հատորին շնորհահանդէսը:

Երեկոն բացուեցաւ առաջնորդի օգնական Յակոբ վրդ. Եագուպեանի բացման խօսքով:

Հատորին ներկայացումը կատարեց «Հորիզոն» Մետիայի օգնական խմբագիր Սոնա Թիթիզեան, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնն ու կառուցուածքը` յատկապէս անդրադառնալով սփիւռքեան կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ ինքնութեան ձեւաւորման հարցերուն:

Գեղարուեստական յայտագիրով եւ ընթերցողական բաժնով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Լաուրա Մեխակեան-Պէրպէրեան,  Քրիսթինա Սրապոնեան-Սանոսեան,  Մեղրի Պեքարեան-Քիլերճեան եւ Զուարթ Պէրպէրեան:

Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ նպաստեցին սոյն հատորի լոյս ընծայման եւ շնորհահանդէսի կազմակերպման:

Աւարտին սրբազան հայրը յղեց իր պատգամը եւ շեշտեց, որ սփիւռքագէտ մտաւորականներու յօդուածներու եւ աշխատասիրութիւններուն ճամբով առիթ կ՛ունենանք անդրադառնալու սփիւռքի այսօրուան մարտահրաւէրներուն եւ ըստ այնմ ծրագիրներ մշակելու ու միասնաբար եկեղեցի եւ կազմակերպութիւններ ղեկավարելու ու զօրացնելու սփիւռքը յանուն մեծ տեսլականին` ամբողջական Հայաստանին:

Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանին` տարած հսկայական աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ` Սոնա Թիթիզեանին, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց արժէքաւոր աշխատասիրութիւնը:

Իտալիա

Իտալական Տրեւիզօ Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցին Նուիրուած Նախաձեռնութեան Բացումը

Հովանաւորութեամբ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ու Տրեւիզոյի քաղաքապետարանին, համագործակցութեամբ «Մաձոթթի» հիմնադրամին,11 ապրիլին Իտալիոյ Վենեթօ մարզի Տրեւիզօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Երկրի վրայ կրկին լուսաբացներ կը ծագին» մշակութային ծրագրի բացումը, մասնակցութեամբ` քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու, մտաւորականութեան, հասարակական գործիչներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու: Նախագիծին հեղինակն է Գայիանէ Սահակեան, եւ իրականացուած է nusica.org կազմակերպութեան հետ համատեղ:

Ծրագիրը մեկնարկեց արեւմտահայ  արտայայտչապաշտ նկարիչ Ժիրայր Օրագեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած ստեղծագործութիւններուն «Ճանաչուածներ» խորագրով ցուցահանդէսին բացումով, որ տեղի ունեցաւ «Գազա Ռոպըրկան» թանգարանային համալիրին մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին արուեստագէտի աւելի քան 50 աշխատանքները, որոնք պահուած էին նկարիչի թոռներուն հաւաքածոյին մէջ:

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցան` Տրեւիզոյի քաղաքապետարանի մշակոյթի հարցերով խորհրդականը, Վենեթոյի մարզային խորհուրդի անդամը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Գեղամ Ադամեանը, հայագէտ եւ Կոստանդնուպոլսոյ կաթողիկէ հայերու պատուաւոր արքեպիսկոպոս Պօղոս Լեւոն Զէքիեանը, նախագիծի հեղինակ եւ համադրող Գայիանէ Սահակեանը, Հռոմի հայ համայնքի «ԱսօԱրմենի» մշակութային ընկերակցութեան նախագահ Անուշ Թոռունեանը, նկարիչին թոռնիկը` Մասիմիլիանօ Օրագեանը, ցուցահանդէսի համադրող, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի կիրառական արուեստի բաժնի ղեկավար Սաթենիկ Չուքասզեանը, նաեւ այլ անձնաւորութիւններ:

Ելոյթները եզրափակեց բանաստեղծուհի Էրիկա տէ Բորտոլին` Հայաստանին նուիրուած իր բանաստեղծութիւններու ընթերցումով:

«Ճանաչուածներ» ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 3 մայիս, իսկ 9 մայիսին քաղաքի Սան Ֆրանչեսքօ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արմոնիա» խորագրով համերգը` միջազգային ճանաչում ունեցող «Կիւրճիեւ» համոյթի անդամներուն մասնակցութեամբ: Ելոյթ կ՛ունենան` տուտուկահար Նորայր Գափոյեան, քանոնահար Տաթեւ Յակոբեան եւ գեղարուեստական ղեկավար, երգեհոնահար Լեւոն Իսկենեան: Պիտի ցուցադրուի նաեւ նկարիչ Ֆրանչեսքօ տէ Ֆլորիոյի ստեղծագործութիւնները, որոնց մեծ մասը նուիրուած է Հայաստանի:

Պոլիս

«Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքին, հիւրընկալութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական կառավարիչ Վարդան թ. ծ. վրդ. Գազանճեանի, մասնակցութեամբ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուի եւ նախաձեռնութեամբ` Թուրքիոյ Ս. Գրոց ընկերութեան, 15 ապրիլին Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորատիպ «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքին շնորհահանդէսը:

Շնորհահանդէսը սկսաւ «Գովեա Երուսաղէմ, Յարեաւ Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ:

Օրուան հանդիսավարն էր Հերա Իսքէնտէրօղլու: Բացման խօսքը արտասանեց Յակոբոս ծ. վրդ. Չօփուրեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան թ. ծ. վրդ. Գազանճեան:

Գիրքի խմբագիր, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մատղաշ սերունդը Աստուածաշունչին հաղորդ դարձնելու կարեւորութեան եւ այս առումով տեղեկութիւններ տուաւ «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքի աշխատանքներուն մասին եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ գիրքը իր տեղը պիտի գտնէ նաեւ մերազն աշակերտներու մօտ, եւ անոնք առիթը պիտի ունենան Աստուծոյ խօսքին հաղորդ դառնալու` գիրքի դիւրահաղորդ բովանդակութեան միջոցով:

Այնուհետեւ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, որմէ ետք Նարեկ քհնյ. Տէյիրմէնճեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ մանուկները դէպի Աստուծոյ խօսքը առաջնորդելու կարեւորութեան եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնով ընծայուած հոգեւոր գրականութեան օգտաշատ ներդրումին:

Աւարտին Սահակ Բ. պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի հրատարակութեան առիթով` կարեւոր նկատելով Աստուծոյ խօսքը տարածելը, մանաւանդ` մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու անմիջական շրջանակներէն ներս: Ան շեշտեց, որ կարեւորութիւն պէտք է ընծայել անոնց ծնողներուն, քանի որ անոնք պիտի ըլլան իրենց զաւակներուն առաջնորդները:

 

 

Leave a Comment