«Ազդակ»-ի Անխոնջ Ընթերցողը. Հայկանուշ Աւագեան-Փեհլիվանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՆԱՐՕՏ ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ

– Նարօ՛տ, բոլոր «Ազդակ»-ները կարդացի ու վերջացուցի, կարդալիք թերթ չունիմ, Արէնը այս շաբաթ պիտի գա՞յ, ըսէ իրեն, որ թերթերը չմոռնայ, հետը բերէ,- ըսաւ Հայկանուշ մեծ մամաս իր մահէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ:

Ժպտադէմ, աշխուժ, հիւրասէր, վայելուչ եւ գեղեցիկ մեծ մամաս, ածականներն ու մակդիրները քիչ են նկարագրելու համար քեզ: Անակնկալ էր մահդ, որ զուգադիպեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին` մարտ 21-ին, ինչպէս նաեւ մայրերու եւ գարնան առաջին օրուան:

Շատ բարի էիր, այդ պատճառով ալ Աստուած քեզ իր քով տարաւ: Սակայն մեզի` բոլորիս մեծ ցաւ պատճառեց առյաւէտ բաժանումդ, մանաւանդ ինծի համար, աղօթասէր մեծ մայրս, քննութեան նախօրեակին եւ շրջանին շատ կ՛աղօթէիր, որ լաւ նիշերով յաջողիմ եւ միշտ պատուոյ ցանկին վրայ մնամ:

Երբ պատերազմը սկսաւ, եւ դպրոցները փակուեցան, շատ նեղուեցար, որ կրնամ դպրոցական տարեշրջան մը կորսնցնել եւ համալսարան չյաճախեմ, շատ կը փափաքէիր տեսնել իմ համալսարան երթալս: Ուրախութիւնդ անսահման եղաւ, երբ վերաբացուեցան դպրոցները, բայց հիմա, ափսո՜ս, որ վկայականաց բաշխման հանդիսութեան իսկ ներկայ պիտի չկարենաս գտնուիլ:

Նեղուեցան նաեւ մեր բոլոր միւս ազգականները, ինչպէս նաեւ` Այնճարի բոլոր միութիւններն ու յանձնախումբերը: Երբեք տարբերութիւն չէիր դներ յարանուանութեանց միջեւ, բոլորն ալ կը յարգէիր, կը պատուէիր եւ ներկայ կը գտնուէիր անոնց բոլոր ձեռնարկներուն պարտաճանաչօրէն, որոշուած ժամէն կէս ժամ առաջ ներկայ ըլլալով ճշդուած վայրը:

Անխոնջ ընթերցող մըն էիր «Ազդակ» օրաթերթին, անհամբեր կը սպասէիր շաբաթավերջին, որպէսզի թոռնիկդ Պէյրութէն մէկ-երկու շաբթուան «Ազդակ»-ները բերէ: Զանոնք բոլորը անպայման պէտք էր կարդայիր ծայրէ ծայր, ապա դնէիր իրենց յատկացուած տեղը: Ատոնք վրայ վրայի կը դիզուէին: Վա՜յ եկեր է անոր, որ անոնցմէ սխալմամբ  մէկ հատին դիպչէր, կը նեղուէիր եւ կը յանդիմանէիր, կարծես հոգիէդ բան մը կը փրցնէին:

Քու ազնիւ վարմունքովդ մեծին հետ մեծ էիր, փոքրիկին հետ` փոքր:  Կը կատարէիր բոլոր պարտականութիւններդ լիուլի, տօնական օրերուն նախ դուն էիր, որ կը հեռաձայնէիր ազգականներուդ, բարեկամներուդ, կը հարցնէիր անոնց որպիսութիւնը, կը շնորհաւորէիր անոնց Նոր տարին, Զատիկը, կարծես անոնց ձայնը լսելով` հոգեկան հանգստութիւն կը զգայիր: Որքա՜ն հպարտ կը զգայի քեզմով:

Բոլորէն սիրուած մեծ մայրս, ամէնէն շատ սիրուեցար Աստուած պապայէն, որ իր քովը տարաւ քեզ այդ սուրբ օրուան: Լոյսերու մէջ ննջես. Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ յաւիտեան:

Թոռնուհիդ`
ՆԱՐՕՏ ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ

Leave a Comment