Իտալական ֆութպոլը համակարգային ճգնաժամ կ՛ապրի: Ազգային խումբը ձախողեցաւ հասնիլ յաջորդական 3-րդ Մոնտիալին, մինչ ակումբները այս տարեշրջանին ջախջախիչ պարտութիւններ կրեցին եւրոպական մրցաշարքերուն, իսկ երկրին մէջ երիտասարդ տաղանդներու եւ մարզական ենթակառոյցներու աղէտալի պակաս կը զգացուի:
Այս խնդիրներէն անկախ, կորսուած է նաեւ Իտալիոյ «Քաթենաչիօ»-ն , որուն իմաստն է «իտալական դրան կղպանքը»: Այս հարցով ուշադրութեան հրաւիրած է իտալացի պատմական մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի, որ այժմ կը գլխաւորէ Պրազիլի ազգային խումբը:
«Կա՛մ մենք կը վերադառնանք պաշտպանողական մարտավարութեան, որ մեզ յաջողութիւն կը բերէր ինչպէս ակմբային, այնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ, կա՛մ կը շարունակենք տառապիլ: Որովհետեւ ֆութպոլի մէջ կարեւոր է ոչ միայն մրցակիցէն մէկ կոլ աւելի նշանակելը, այլ նաեւ մէկ կոլ պակաս ստանալը: Եւ ասիկա պարզապէս անկարելի բան չէ», ըսաւ իտալացի մասնագէտը:
Յիշեցնենք, որ Իտալիոյ ազգային խումբի վերջին յաջողութիւնը 2020-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եուրօ) էր, որ դարձած էր տիտղոսակիր: