«Ազդակ»-ի Պատմութեան Մէջ Էջեր Հեղինակած Սարգիս Մահսէրէճեան*

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հաւաքուած ենք ի յարգանքս յիշատակին անձի մը, որ այսօր արժանաւորապէս առաջին աթոռներուն վրայ նստած պէտք էր ըլլար, պէտք էր իր ամօթխած աչքերով, բարի ժպիտով եւ համեստ պահուածքով հետեւէր իր իսկ կենդանութեան իրեն նուիրուած երախտագիտութեան ձեռնարկի մը:

Իսկ ես, այս խօսքը արտասանած պահուս իսկ, հաւանաբար` գրած ատենս ալ, պիտի մտածէի, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար ընկեր Սարգիսին տպաւորութիւնը, ի՞նչ քաջալերական խօսք պիտի արտայայտէր, երբ իջնէի բեմէն, որքան ալ թերիներ նկատած ըլլար ան, հաւանաբար յաջորդ օրը` աւելի լաւը ըլլալու եւ աւելի տպաւորիչը ընելու ի՞նչ փափկանկատ մատնանշումներ պիտի կատարէր, խորհուրդներ պիտի տար` միշտ նշելով, իր իսկ բառերով, որ` «Նպատակս յանցաւոր փնտռել չէ, այլ` նրբութիւն մը յանձնել ուշադրութեանդ»: Այս բոլորը, սակայն, պիտի յաջորդէին անպայման իր կողմէ արտասանուած կամ գրուած ուժ տուող ու խրախուսող երկար տողերու,  ապա քանի մը պարզ ու խրատական տողերու մէջ պիտի ներկայացնէր բարելաւման իր առաջարկները:

Ափսո՜ս, սակայն այդպէս չէ իրականութիւնը, մենք հաւաքուած ենք յերախտագիտութիւն ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանի, սակայն ինք մեզի հետ չէ, շտապեց առյաւէտ բաժնուիլ մեզմէ եւ իր հարազատներէն` հսկայական դատարկութիւն մը ստեղծելով սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ, իր հարազատ երդիքին տակ, իր ընկերներուն, բարեկամներուն եւ սիրելիներուն սրտերուն խորը, «Ազդակ»-ի սիւնակներուն մէջ եւ, ինչպէս ինք կը կոչէր, «ազդակճիներուն» կեանքին մէջ:

Ճիշդ է, վերջին տարիներուն մեր ֆիզիքական կեանքին մէջ ներկայութիւն չէր ընկեր Սարգիս, սակայն ելեկտրոնային տարբեր միջոցներով, հեռաձայնային կապերով տիրական ներկայութիւն էր մեր կեանքին մէջ` անկախ իր բազում յօդուածներէն ու որեւէ դէպքէ քանի մը վայրկեան ետք իսկ տուեալ իրադարձութեան վերաբերող ակնարկներէն ու նշմարներէն: «Ազդակ»-ի ընտանեկան ծառին վրայ իր արժանի եւ ընդգծելի տեղը ունեցած Սարգիս Մահսէրէճեանի համար, որ այս ծառին բազում ճիւղերուն ստեղծիչն իսկ էր, «Ազդակ»-ի հետ կապը չաւարտեցաւ թերթին տարբեր երդիքներուն տակ տարուած իր 21-ամեայ ծառայութեամբ, այլ ծովերէն անդին անցնելէ ետք իսկ ընկերոջ համար «Ազդակ»-ն ու այս ընտանիքին անդամները մնացին հարազատներ, որոնց տեղ տուաւ իր առօրեային մէջ եւ ներաշխարհէն ներս: Գրեց մեզի, զրուցեց մեզի հետ, հարցուց մեր որպիսութիւնը, մտահոգուեցաւ մեզմով, խորհուրդներ ու առաջարկներ ներկայացուց, հետաքրքրուեցաւ մեր դժուարութիւններով եւ զանոնք շրջանցելու մեր կարողականութեամբ` միշտ մղելով գործի, ամրապնդելով մեր հաւատքը, որ մեր կատարածը կարեւոր է, խրատելով չյուսահատիլ, չնեղանալ քննադատութիւններէն, այլ ամէն ժխտականի մէջ իսկ փնտռել ուսանելի դաս մը:

«Ազդակ»-ն ու ընկեր Սարգիսը երկուորեակներ են հաստատ, անոնք անբաժան էին, անքակտելիօրէն իրարու կամրջուած, իրարմով ապրող եւ զիրար ապրեցնող:

«Գիտե՞ս եա, անունս, ուզեմ կամ չուզեմ, «Ազդակ»-ին կապուած է, երբեմն ասանկ հարցումներ ինծի կը հասնին, ես ալ ահա… քեզի», գրած էը ընկեր Սարգիս առիթով մը, երբ թերթին վերաբերող հարցում մը ուղղուած է իրեն, իսկ ինք ամենայն հեզութեամբ պատասխան գտնելու նպատակով դիմեց մեզի` առանց մտածելու, որ ասիկա աւելորդ տաղտուկ կրնայ ըլլալ իրեն: Նոյնն էր նաեւ մեր պարագային, Սարգիս Մահսէրէճեանի հեռաձայնի թիւը, ե-նամակի հասցէն կամ անոր մասին որեւէ տեղեկութիւն ունենալու, անոր որպիսութիւնն ու առողջական վիճակը գիտնալու համար կը դիմուէր «Ազդակ»-ին կամ «Ազդակ»-ի ընտանիքէն ոեւէ մէկուն:

Յօդուածի մը խնդրանքով իրեն կատարուած ոչ մէկ դիմում կը մերժէր, չեմ յիշեր, որ ժխտական պատասխան ստացած ըլլանք ընկերոջմէն, անոր` «Անպայման կը փորձեմ» արձագանգը բաւարար էր, որ յօդուածագիրներու ցանկին գլուխը արձանագրենք անունը` հաստատ գիտնալով, որ անոր փորձը անպայման պիտի յաջողի:

Սփիւռքահայ թերթերու խմբագիրներուն առաքուած ընկեր Սարգիսին ե-նամակները յօդուած ու նկար չէին պարունակեր միայն, այլ անպայման անոնք համեմուած կ՛ըլլային մնայուն կերպով սիրելի խմբագիրներ, սիրելի բարեկամներ, սիրելի ընկերներ դիմումով, ապա` քանի մը տողով ալ տիրող կացութեան վերաբերող կատակ մը, մատնանշում մը, երգիծական տող մը, իսկ աւարտին  մամուլի աշխարհին մէջ իր վաստակն ու դրոշմը գլխագիրով արձանագրած ընկեր Սարգիսին  համեստ նկարագիրին ամբողջական դրսեւորումը եղող քանի մը տող.

– Ուրախ կ՛ըլլամ, եւ միտքս աւելի հանգիստ կ՛ըլլայ, եթէ բառով մը իմացնէք, թէ հասած են առաքածներս. կը հրատարակէ՞ք, այդ ձեր գործն է:

– Եթէ յարմար նկատէք, կը ձգեմ ձեր հայեցողութեան:

Իր մատնանշումը այնքան նրբութեամբ եւ ազնուութեամբ կը կատարէր, որ նոյնիսկ եթէ ուզէիր նեղանալ, չէիր յաջողեր:

Անոր արձանագրած տողերը արդէն իրենք պատգամներ կը պարունակէին, տամ քանի մը օրինակ` անձամբ ինծի յղուած.

… Ի՜նչ ընեմ. ղազեթաճիութիւնը արիւնիս անցած է, երբեմն նման մտածումներ եւ առաջարկներ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ:

Չեմ գիտեր, թէ ասանկ բաներու մասին մտածելու առիթ ունեցա՞ծ ես, որեւէ ատեն նման քննարկում եղա՞ծ է տեղ մը: Վստահ եմ, որ չես նեղուիր, եթէ իբրեւ քիչ մը աւելի փորձառու ղազեթաճի` ուշադրութեանդ յանձնեմ նման բաներ: Ես ալ ժամանակին աւելի փորձառուներէն սորված եմ ասանկ բաները:

Բնականաբար չէի նեղուեր, այլ միշտ կը սպասէի արձագանգին, որուն բացակայութեան պարագային երբեմն կը յանդգնէի նոյնիսկ անձամբ դիմել` իր տպաւորութիւնը ունենալու խնդրանքով:  Արդարեւ, ան իր փորձառութեամբ, հմտութեամբ եւ սուր նկատողութեամբ կը տեսնէր այն, ինչ որ այլապէս դժուար պիտի ըլլար տեսնել, կը խօսէր այնպիսի նիւթերու մասին, որոնք նոր հորիզոններ կը բանային մեր դիմաց, կ՛արտայայտէր այնպիսի տեսակէտներ ու գաղափարներ, որոնք կը մղէին աւելի խորունկ մտածելու եւ այդպէս արտայայտուելու:

«Ազդակ»-ի գոյերթին մէջ իր ֆիզիքականէն, միտքէն, հոգիէն, սիրտէն ու խիղճէն անսակարկ կերպով ներդրած, ամէն վտանգ արհամարհած ու «Ազդակ»-ի անխափան երթը երաշխաւորած, դժուարութիւններուն անհեթեթութեան մասին իրեն հետ նոյն խրամատին մէջ եղող ազդակճիները համոզած եւ անոնց ուժ տուած ու աշխատանքի մղած է Սարգիս Մահսէրէճեան, որովհետեւ ան հաւատացած է ու կը հաւատար, որ` իր բառերով. «Գործի մը ղեկավարը ան է, որ կը փորձէ գործակիցները քաջալերել, հոգ տանիլ անոնց ինքնակերտումին եւ ըստ այնմ ալ կ՛ուղղորդէ անոնց քայլերը, իր իսկ աշխատանքով ու հոգածութեամբ բարելաւուած գործակիցները կը նկատէ կարեւոր պահեստ, գանձ, որ արժանի չէ մսխումի, մէկդի նետուելու»:

Իր այս խօսքերը «Ազդակ»-ի մէջ գործի վերածող ընկեր Սարգիս  «Ազդակ»-ի խրամատէն դուրս ելլելէ ետք իսկ կը փորձէր հեռուէն հետեւիլ նորերուն, խրախուսել, անուղղակիօրէն պահանջել, որ խմբագրութեան մաշեցնող հեւքին պատճառով յօդուածագրութենէ չհեռանան, շարունակեն արտադրել եւ իրենց խօսքն ու զգացումները լոյսին բերել: «Արդեօք պիտի հասնի՞ այն օրը, երբ գեղարուեստական գրականութիւնդ պիտի զարգացնես: Խմբագրական աշխատանքի հեւքը, գիտե՜մ, որքա՛ն կլանող է, բայց անդին կայ նաեւ հոգին ու ներաշխարհը պատկերող հորիզոն ալ», առիթով մը յօդուածներէս մէկուն անդրադառնալով գրած էր սիրելի ընկերը:

«Ազդակ»-ի հետ մօտէն կամ հեռուէն, անցեալին թէ ներկայիս, նաեւ` ապագային, կապ ունեցող ոեւէ անձ չի կրնար Սարգիս Մահսէրէճեան անունը լսած կամ կարդացած չըլլալ, որովհետեւ անոր նուիրումին մասին պատմողներն ու գրողները, ինչպէս պիտի տեսնէք իր յիշատակին «Ազդակ»-ի պատրաստած յաւելուածին մէջ, շատ են, տակաւին բազմաթիւ ուրիշներ ալ ընկերային տարբեր էջերով արտայայտուած են ընկերոջ մասին:

Երախտագիտութի՛ւն ընկեր Սարգիսին կերտած վաստակին ու նուիրումին հանդէպ ու բիւր շնորհակալութիւն` իր կողմէ մեզի ժառանգուած արժէքներուն ու սկզբունքներուն համար:

Մահը ծանր է ու դառն, մանաւանդ անմարսելի է առյաւէտ բաժանումը անձէ մը, որ այնքան հարազատ է, որ տակաւին շատ տալիք ունէր հայկական իրականութեան, յատկապէս` մամուլին, ուր շեշտակի կերպով զգալի է ընկեր Սարգիսին բացակայութիւնը: Ինչպէս տարբեր երեւոյթներու, մահուան մասին ալ իր ուրոյն փիլիսոփայութիւնը ունէր ընկեր Սարգիս, որ մեր հասարակաց բարեկամի մը անժամանակ կորուստին առիթով փոխանակած մեր ե-նամակներէն մէկուն մէջ կ՛արձանագրէր.

«Սիրելիի մը կորուստը, ան ըլլայ ընտանեկան հարազատ, ընկեր, բարեկամ կամ մտերմիմ-ծանօթ, կը դիտեմ, պէտք է դիտենք փիլիսոփայօրէն: Ժամանակին կային ստոյիկները, որոնք կը փորձէին զգացականին նուազագոյն տեղը տալ իրենց կեանքին մէջ. այդպիսի մօտեցում չունիմ, որովհետեւ ի վերջոյ մարդ ենք եւ ունինք մեր զգացական աշխարհը, սակայն կեանքի մէջ քիչ մը ստոյիկ ըլլալը կ՛օգնէ, չի վնասեր: Մտածէ հետեւեալ ձեւով. ի՞նչ կարելի է իրականացնել, ո՞ւր կարելի է հասնիլ` թոյլ տալով, որ վիշտն ու ցաւը մեզ պահեն իրենց տիրապետութեան տակ. ընդհակառակը, պէտք է յաղթել անոնց եւ վեր բարձրանալ անոնց կաշկանդող կապանքներէն, այս պարագային թէ այլապէս: Կեանքի փորձառութիւնները եւ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը ինծի այդ սորվեցուցած են: Դաժան վիճակներէ անցած եմ Պէյրութ թէ հոս, կորուստներ ալ ունեցած եմ, սակայն ճիգ ըրած եմ եւ բաւական կը յաջողիմ զանոնք թողելու անցեալին մէջ, կը պահպանեմ աղուոր բաներու յիշատակը, եւ անոնք կ՛ամոքեն ցաւերը, որոնք, իրենց կարգին, կը դարմանուին Ժամանակ կոչուած բժիշկին կողմէ: Ոչինչ կը մոռցուի, սակայն պէտք է ճիգ ընել ՎԵՐ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ: Չեմ կրնար անպայման քեզ կամ ոեւէ այլ բարեկամ համոզել, որ նոյնը ընեն, սակայն եթէ լաւ մտածես, պիտի տեսնես, որ շատ ալ ուրիշ ձեւ չկայ…»:

Մեր սիրելի, յարգելի ու թանկարժէք ընկեր Սարգիսին այս փիլիսոփայութիւնը լաւագոյն ձեւն է մեր կոկորդը սեղմող անոր անժամանակ մահուան հետ հաշտուելու եւ ընթանալու յառաջ, վեր բարձրանալու եւ շարունակելու քալել անոր գծած ուղիէն, չարտօնելու, որ վիշտն ու ցաւը կաշկանդեն մեզ, այլ իր խօսքերն ու գործը իբրեւ ուղեցոյց ունենալով` փորձելու նոր էջեր աւելցնել մեր անձնական, հաւաքական թէ «Ազդակ»-ի պատմութեան վրայ` այսպիսով ալ իր յիշատակը անթառամ ու կենդանի պահելով:

Համեստ ու թանկագին ընկե՛ր,

Կրկին ականջ պիտի տանք քու խօսքիդ եւ մեզի հետ պիտի ունենանք քեզմէ փոխանցուած աղուոր բաներ, քաղցր յիշատակներ, լաւատեսական պատգամներ ու ներուժ` շարունակելու առաքելութիւնը:

Մեր սիրելի ընկերներէն մէկուն թաղումին, երբ անոր քոյրը քեզի դիմելով ըսած էր, որ այլեւս եղբայրը չկայ, դուն, ինչպէս պատմեցիր, պատասխանած էիր. «Եղբայրդ չէ գացած, երբ տուն դառնաս, պիտի զգաս, որ ան հոն է եւ հոն ալ պիտի մնայ»:

Դուն ալ, սիրելի՛ ընկեր, պիտի մնաս մեզի հետ` իբրեւ գլխագիր Մարդ, հաւատաւոր հայ, մամուլի գործիչներ կազմաւորած անկեղծ ուսուցիչ եւ հայ մամուլին մէջ պատմութիւն կերտած ազդակճի:

* «Ազդակ»-ի կողմէ արտասանուած խօսք` «Ազդակ»-ի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին կազմակերպուած յուշ-հանդիպումին:

Leave a Comment