Պրաժէ. «Լաթվիան Լիովին Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթին»

Լաթվիան լիովին կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Այս մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Պայպա Պրաժէն:

Խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի մասին` Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ 8 օգոստոս 2025 թուականի Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

«Անոնք նշանակալի բեկում են տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան աւարտի ճամբուն վրայ: Լաթվիան ամբողջովին կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, որուն ծիրին մէջ մենք երկու կողմէն ալ կը տեսնենք շարունակական կառուցողական փոխգործակցութիւն:

«Լաթվիան կարեւոր կը նկատէ, որ միջազգային ընտանիքը նպաստէ եւ օժանդակէ այս հոլովոյթին: Խաղաղութեան վերջնական պայմանագիրի ստորագրութիւնը զգալի ներդրում պիտի ունենայ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ապահովման գործին մէջ` միաժամանակ նոր կարելիութիւններ բանալով Եւրոպայի հետ աւելի սերտ համագործակցութեան համար, ներառեալ փոխկապակցուածութեան ոլորտին մէջ», յայտարարած է ան:

Leave a Comment