Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրան բանակցելու համար պատուիրակութիւն ուղարկելու այլընտրանքը չունի, եւ կը կարծեմ, որ հարցերը մեզ հոյակապ համաձայնութեան պիտի առաջնորդեն»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ բանակցային ուժեղ դիրքի վրայ են:
Թրամփ ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ շրջափակումը յաջող բան մըն էր:
«Բարի մարդոց հետ գործ չունինք, սակայն անոնց հետ չափազանց յաջող կերպով կը վարուինք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Զինադադարի աւարտէն առաջ շատ ժամանակ չունինք», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Չեմ ուզեր զինադադարը երկարաձգել»:
«Մեր զէնքերը զինամթերքով շատ յագեցած են, եւ գործի լծուելու չափազանց պատրաստ ենք», նշեց Թրամփ:
Շրջանային երկու պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պատրաստակամութիւն յայտնած են Իսլամապատի մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլի ներկայ գտնուելու:
Պաշտօնատարները լրատու գործակալութեան աւելցուցած են, որ միջնորդները հաստատում ստացած են, թէ բարձրաստիճան բանագնացները չորեքշաբթի արշալոյսին Իսլամապատ պիտի հասնին` բանակցութիւնները ղեկավարելու համար:
Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով Սպիտակ տունը, երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս «այսօր» «Էնտրուզ» ռազմակայանին ճամբով պիտի մեկնի Իրանի հետ Փաքիստանի մէջ բանակցութիւններուն ներկայ գտնուելու համար:
Փաքիստանեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ իրանեան նախապատրաստական պատուիրակութիւնը հասած է Իսլամապատ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան նախապատրաստական պատուիրակութիւնը կը գտնուի Իսլամապատ:
Փաքիստանեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հարցերը լաւ վիճակի մէջ են, եւ բանակցութիւնները կ՛ընթանան ըստ ճշդուած ժամանակացոյցին»` աւելցնելով. «Վաղը ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններու երկրորդ փուլի սկզբնաւորման թափ գոյութիւն ունի»:
Աղբիւրը լրատու գործակալութեան նշած է, որ Թրամփ կրնայ անձամբ կամ համացանցի ճամբով ներկայանալ, եթէ Փաքիստանի մէջ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյանայ»:
Թրամփ աւելի ուշ ալ դիմեց «իրանցի ղեկավարներուն, որոնք շուտով մեզի հետ բանակցութիւններու մէջ պիտի մտնեն»` ըսելով. «Չափազանց երախտապարտ պիտի ըլլամ, եթէ կիներ ազատ արձակէք»:
«Իրանի մէջ կիներու ազատ արձակումը մեր բանակցութիւններուն հոյակապ մեկնարկ մը պիտի ըլլայ», նշեց ան:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ Տան Քիմ նշած է. «Մենք պատրաստ ենք որեւէ պահու Իրանի դէմ գործողութիւնները շարունակելու»:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան ըսած է. «Եթէ թշնամին դիւանագիտութեամբ չհասկնայ, պատերազմի դաշտը հաւասարակշռութիւնները պիտի փոխէ»:
Աղբիւրներ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իրան ամբողջովին պատրաստ է պատերազմը շարունակելու` շեշտելով, որ Թեհրան ճակատամարտի յաջորդ փուլին համար նոր խաղաքարտեր ունի:
Աղբիւրները նշեցին, որ նաւարկումը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժին կողմէ խիստ հսկողութեան ենթակայ է, եւ «որեւէ նաւու Հորմուզի նեղուցէն անցքը պիտի չարտօնուի, մինչեւ Իրանի նկատմամբ հաստատուած ծովային շրջափակման ամբողջական վերացումը»: