Ակնարկ. Հորմուզ, Ծովային Պաշարում Եւ Չինաստան

Իսլամապատ 2-ի ճակատագիրը փաստօրէն անորոշութեան մատնուեցաւ, երբ պաշտօնական Թեհրանի ներկայացուցիչները չմեկնեցան Փաքիստան` մասնակցելու համար բանակցութիւններու երկրորդ փուլին: Յայտարարուած էր արդէն, որ առաջինը որեւէ գործնական արդիւնքի չէր յանգած, այնուամենայնիւ նպաստած էր հրադադարի հաստատման եւ բանակցութիւններու դուռը բաց պահելուն:

Հիմա, որ Իրանի ներկայացուցիչները կը մերժեն շարունակել բանակցութիւնները, անպայման չ՛ենթադրեր, որ պատերազմը կը վերսկսի: Թեհրան մերժեց այս պայմաններուն մէջ ներկայանալ բանակցութեան, որովհետեւ Ուաշինկթընի առած քայլերը մտածել կու տային, որ պահանջուածը ամբողջական յանձնուողականութիւն է:

Գետնի վրայ սակայն տեսանելի բաժինը, որ յայտնաբար նաեւ առանցքն է ամբողջ հանգոյցին, դարձեալ Հորմուզի տարազին տակ խողովակաշարերու կամ ընդհանրապէս առեւտուրի ճանապարհներն են: Երբ Իսրայէլ Իրանի պայմաններէն 10-րդը հիմնովին խախտեց եւ յարձակումները շարունակեց Լիբանանի վրայ, Իրան դարձեալ մասնակի փակեց Հորմուզը:

Ահա այստեղ էր, որ Ուաշինկթըն առաւ աննախադէպ քայլ` համընդհանուր պաշարումի տակ առնելով Հորմուզը եւ ապա հետզհետէ Իրանի բոլոր նաւահանգիստները:

Տնտեսական ամբողջական պաշարումը ռազմավարական քայլ էր` թելադրելով պատերազմի նոր կանոններ: Հորմուզի ընդհանուր պաշարումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ աւելի յստակացուց, որ համաձայնելի կէտը ուժանիւթի եւ ընդհանրապէս ապրանքաշրջանառութեան նոր վարչակառավարման շուրջ է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը  այս բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ դարձեալ  յիշեցուց, որ յաջորդը Քուպային հերթն է: Յաջորդականութիւնը մտաբերեց Վենեզուելա-Կրինլանտ-Իրան-Քուպա դիպաշարը, այդ բոլորին ընդհանուր յայտարարը եւ մանաւանդ Չինաստանի հետ յարաբերակցութիւնը:

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան  ընթացին վերահաստատած էր Հորմուզի նեղուցով բնականոն նաւագնացութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Չինական պետական լրատուամիջոցները կը շեշտէին, որ Փեքին երկրորդ անգամ ըլլալով բարձր մակարդակի դիւանագիտական կապ կը հաստատէ Մերձաւոր Արեւելքի առաջնորդներուն  հետ մէկ շաբթուան ընթացքին, ինչ որ կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրման հետեւանքով համաշխարհային մատակարարման շղթաներու խափանման վերաբերեալ Չինաստանի աճող տագնապի մասին:

Հեռահար թիրախը Չինաստանն է այս բոլորին մէջ: Հակառակ ուժանիւթային իր ունեցած աղբիւրներուն, Փեքինը իրանեան ուժանիւթի ամէնէն գլխաւոր գնողներէն մէկն է: Դիւանագիտական կապերու հաստատումով, հրադադարի հրամայականը շեշտելը Չինաստանի կողմէ, տագնապի ալիքներուն Չինաստան հասնելուն մասին կը յուշէ: Ուաշինկթընի կողմէ ծովային ընդհանուր պաշարումը փաստօրէն այդ թիրախաւորումը կը հետապնդէր:

Անտեղի պիտի չըլլար յիշելը, որ տարիներ առաջ Փեքինի մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչները համաձայնագիր կնքեցին վերահաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Իրանի հետ արդէն ռազմավարական կապեր հաստատած Չինաստանը այս փուլին կը դիմէ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին, իբրեւ տարածաշրջանին մէջ ուժանիւթային երկիր, հրադադարի հրամայականը արծարծելով:

Բանակցութիւններու հիմնական ուղղութիւնը այս ձեւով կ՛ուղղուի ծովային ընդհանուր պաշարումը հանելու դիմաց Իրանի կողմէ Հորմուզի ամբողջական բացումին: Նոր կանոններով սակայն, նոր վարչակառավարման դրութեամբ, նաւագնացութեան նոր համակարգով: Ուշագրաւ է, որ հակառակ բանակցութիւններու անարդիւնաւէտութեան կամ առկախման եւ երկշաբաթեայ հրադադարի ժամկէտի աւարտին, պատերազմը չէ վերսկսած. գոնէ մինչայժմ: Չի բացառուիր, որ զսպիչ գործօններէն է Չինաստանը, որուն մայրաքաղաքը պիտի ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահը յառաջիկային:

Իրադարձութիւններու այս տրամաբանութեան հետեւելով Իսլամապատը կ՛ընկալուի իբրեւ նախաբան Փեքինի մէջ կայանալիք Թրամփ-Ճինփինկ հանդիպումին:

«Ա.»

Leave a Comment