Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց. «Իրանի մէջ յաղթանակը չափազանց մօտ է, եւ զինուորական գործողութիւնները միայն երկու ամիս տեւեցին»:
Ան աւելցուց, որ պատերազմը ամբողջովին հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ, եւ Ուաշինկթըն կարողութիւնը ունի Իրանի մէջ իր ուզածը ընելու:
«Ամերիկեան բանակը աշխարհի վրայ հզօրագոյնն է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ան նշեց, որ չէր ուզեր պատերազմ մղել, սակայն ատիկա անհրաժեշտ էր «Թեհրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգել արգիլելու համար»:
Թրամփ գովեց Իրանը` ըսելով, որ անիկա «հզօր ու իմաստուն երկիր է եւ հզօր մարտիկներ ունի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը երէկ աւելի ուշ նաեւ յայտարարեց. «Ամերիկեան իրանեան հիւլէական ամբողջ փոշին պիտի ստանայ, եւ Իրանին որեւէ պարագայի անոնց համար գումարներ պիտի չտայ»:
«Իրան Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ վերցուց բոլոր ականները կամ այդ մէկը կատարելու ընթացքի մէջ է», ըսաւ ան:
«Իրանի հետ համաձայնութիւնը որեւէ կերպով կապուած չէ Լիբանանին, սակայն Լիբանանը անգամ մը եւս մեծ պիտի դարձնենք», նշեց Թրամփ:
Փաքիստանեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նախատեսուած է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ժողով մը, որ կրնայ յանգիլ փոխըմբռնման հռչակագիրի մը, ապա 60 օրուան ընթացքին համապարփակ գործարքի:
Աղբիւրը նշած է, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ոչ պաշտօնական դիւանագիտական ջանքերուն մէջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գործադիր տնօրէն Ֆաթեհ Պիրոլ յայտնեց, որ Եւրոպայի օդանաւերու վառելանիւթի պահեստները միայն շուրջ 6 շաբթուան համար բաւարար են` զգուշացնելով «շուտով օդային թռիչքներու ջնջման հաւանականութենէն», եթէ Իրանի մէջ պատերազմի պատճառով քարիւղի մատակարարման խափանումը շարունակուի:
Ան «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհը բացարձակապէս «ուժանիւթի մեծագոյն տագնապը» կը դիմագրաւէ, եւ ատիկա մեծ հետեւանքներ պիտի ունենայ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, «եւ որքան տագնապը երկարաձգուի, այնքան տնտեսական աճին ու սղաճին վրայ անոր հետեւանքները կը վատթարանան»` նշելով, որ հետեւանքները պիտի ներառեն պենզինի, կազի եւ ելեկտրականութեան գիներու բարձրացում:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէնը զգուշացուց. «Արտադրութեան Իրանի պատերազմէն առաջուան մակարդակին վերադառնալը կրնայ երկու տարի տեւել»:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական համախմբումի ծիրին մէջ ժողով պիտի գումարեն` շրջանային խնդիրներու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմին շրջանային լուծումներու զարգացման շուրջ քննարկում կատարելու համար:
Փեզեշքիան.«Հիւլէական Զէնքի Ձեռքբերման Կամ Շրջանի Կայունութեան Քայքայման Չենք Ձգտիր»
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ իր երկիրը հիւլէական զէնքի ձեռքբերման կամ շրջանի կայունութեան քայքայման չի ձգտիր` նշելով. «Արժանապատիւ կերպով կը պաշտպանենք մեր հողերու ամբողջականութիւնը, յանձնառու ենք իրաւական շրջագիծերուն եւ կը յուսանք, որ հակառակորդ կողմը ատոր կը գիտակցի»:
«Հակառակորդ կողմը զինուորական ղեկավարներն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները ահաբեկելով եւ մանուկները սպաննելով ինքզինք շրջանին մէջ մերժելի դարձուց», յայտնեց Իրանի նախագահը: