Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար հեռաձայնած է իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի` անդրադառնալու համար շրջանային կացութեան վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միացեալ ջանքերը:
Երկու նախարարները Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են` երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համակարգումի եւ շարունակուող խորհրդակցութեան ջանքերուն, ինչպէս նաեւ լարուածութեան հանդարտեցման համար թափուող միացեալ ջանքերու ծիրին մէջ:
Եգիպտոսի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարները ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները շուտով շարունակելու ուղղութեամբ մղում կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ բանակցութիւններու վերականգնումը կը նպաստէ մագլցումի մեղմացման եւ պատերազմին վերջ տալուն, մասնաւորաբար ներկայ շրջանային վտանգաւորութեան եւ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան վրայ անոր հետեւանքներուն խորապատկերին վրայ: