Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ եւ շարք մը նախարարներու մասնակցութեամբ ժողովէ մը ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, թէ Սալամ նախարարներուն ներկայացուցած է մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ ապահովական միջոցառումներու ամրապնդումը, անցարգելներու թիւի բարձրացումն ու կատարուած պարեկութիւնը:
Վարչապետը կանգ առած է առնչակից նախարարութիւններու կատարած օժանդակութեան ու պատսպարման աշխատանքներուն վրայ, ներկայացուցած է քաղաքապետարաններու իրենց կարիքներու բաւարարման համար ունեցած կարիքները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու լաւ հիւրընկալման կազմակերպման համար դպրոցներու իրավիճակը:
Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է մարտական դաշտի իրավիճակն ու իսրայէլեան յարձակումները` կանգ առնելով այն իրողութեան վրայ, որ զոհերուն թիւը հասած է 2167-ի, իսկ վիրաւորներունը` 7061-ի:
Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար իր կարգին ներկայացուց ներքին ապահովութեան ուժերու եւ բանակին միջեւ համակարգուած աշխատանքը:
Ան նշեց, որ ապահովական դէպքերուն թիւը քիչ է` կոչ ուղղելով ամրապնդելու քաղաքապետութիւններու ներուժը եւ օգնելու մայրաքաղաքին մէջ խիտ բնակչութեան պատճառով կուտակուած աղբերու տագնապի լուծման: