Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւնները Միայն Լիբանանեան Իշխանութիւնները Կը Վարեն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցով պետական նախարար Հէյմիշ Նիքոլաս Ֆալքնըրը, եւ անոր յայտնեց, որ  Իսրայէլի հետ Լիբանանի պահանջած զինադադարը երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու բնական մուտք մըն է` նախագահի բանակցային նախաձեռնութեան հիմամբ:

Ան շեշտեց, որ բանակցութիւնները միայն լիբանանեան իշխանութիւնները կը վարեն` նկատի ունենալով, որ ատիկա գերիշխանական հարց է, որուն ոչ ոք կարելի է մասնակից դարձնել:

Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ կառավարութեան որդեգրած որոշումները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք կը վերաբերին զէնքի մենաշնորհման, պիտի գործադրուին` ապահովելու համար անվտանգութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք անհամբեր են իրենց պետութիւնը անվտանգութեան, կայունութեան եւ ընդհանուր ապահովութեան ապահովման միակ պատասխանատուն տեսնելու:

Բրիտանացի նախարարը իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց զինադադարի հաստատման եւ բանակցային հոլովոյթին համար նախագահին թափած ջանքերուն:

Ան նաեւ յայտարարեց 20,5 միլիոն սթերլինկ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը` աջակցելու համար տեղահանուածներու կարիքներու բաւարարման լիբանանեան ջանքերուն:

 

Leave a Comment