Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Խաուաժա կտրուկ կերպով մերժեց Իսրայէլի հետ որեւէ ձեւի ուղղակի բանակցութիւն` վերահաստատելով կառչածութիւնը 27 նոյեմբեր 2024-ին հրապարակուած զինադադարի համաձայնութեան ու անոր առնչուած մեքանիզմներուն, հակառակ Մեքանիզմի յանձնախումբին վերաբերեալ նախկին վերապահութիւններուն:
Ան նաեւ յայտնեց, որ այսօր կամ հետագային Իսրայէլի հետ հաղորդակցելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չկայ:
Խաուաժա «Ռիսալա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ բանակցութիւններուն վերաբերեալ եռեակին հրապարակած վերջին հաղորդագրութիւնը շատ նեղացուցիչ էր, որովհետեւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ հիմնական խնդիրը 1948 թուականէն ի վեր շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը չէ, այլ Դիմադրութիւնը, ինչ որ վտանգաւոր եւ մերժելի է:
Երեսփոխանը նշեց, որ այդ բանակցութիւնները ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդի դիրքորոշումը չեն ներկայացներ` շեշտելով, որ Լիբանան ինքն իր համար կը բանակցի, եւ արգելք չկայ, որ օգտուի բարեկամ եւ միջազգային պետութիւններու ջանքերէն:
Խաուաժա յայտնեց, որ չ՛ուզեր հանրապետութեան նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ ուղղակի հաղորդակցութեան նիւթին անդրադառնալ, որովհետեւ տակաւին տեղի չէ ունեցած, սակայն ընդգծեց, որ այդպիսի քայլ մը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ: