Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հաստատ է, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան հոգատարութեան իշխանութիւնը սնանկ, ամօթալի եւ ազգային օրինականութեան նուազագոյն չափէն զուրկ է, եւ սիոնական թշնամիին հետ նուաստացուցիչ բանակցութեամբ ան առանց դանակի ինքզինք մորթեց, որովհետեւ ան բացարձակապէս յոռեգոյն ազգային սխալը գործեց, որովհետեւ պարզապէս հոգատարութեան պարտուած գործակատար է, եւ հոգատարութեան աթոռներուն վրայ ըլլալը անոր երբեք այս հայրենիքի օրինականութիւնը չի տար:
«Ան չունի ազգային որեւէ իրաւասութիւն` ընտրելու որեւէ լիբանանեան գերիշխան տարբերակ, ինչպէս նաեւ ազգային բանակցութեան կամ «հզօրներու բանակցութեան» համար անհրաժեշտ որեւէ հզօր խաղաքարտ չունի:
«Անիկա այդպիսով միայն ինքզինք եւ Լիբանանի գերիշխանական շահերուն դէմ իր գործատէրը կը ներկայացնէ:
«Անոր որեւէ առիթ պիտի չտանք Լիբանանի գերագոյն շահերուն վնասելու: Լիբանանեան գետնի վրայ, Լիբանանի գերիշխանութեան հակասող եւ ազգի հիմքը երաշխաւորող անոր համաձայնեցուած կանոնադրութեան հակասող անձնատուական որեւէ իշխանութիւնը որեւէ արժէք, գոյութիւն կամ օրինականութիւն չունի:
«Այս ամօթալի իշխանութեան կատարածը գոյութիւն չունի. գոյութիւն ունին միայն Լիբանանը, անոր գերիշխանութիւնը, անոր Դիմադրութիւնը, անոր բանակը եւ անոր իսկական ազգային գործընկերութիւնը:
«Ամերիկեան հոգատարութեան խումբը ամօթ է Լիբանանի եւ անոր ազգային հպարտութեան մեծութեան համար: Մենք այս ենթակայ իշխանութեան պիտի չներենք այս ծանր մեղքը: Այս ընտրութեան յաւերժական հետեւանքը անկումն է, ձախողումը եւ ազգային անարգանքը: Այս մեղքը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրի վրայ, որովհետեւ հողը իր ժողովուրդին կը պատկանի, եւ ոչ թէ վարձկաններուն եւ գաղութատիրութեան խումբին, որ պարտուած է իր պատերազմին մէջ, որուն վրայ անոնք իրենց յոյսը դրած են:
«Այս մեղսալից քայլը սիոնականացնելու որեւէ փորձ այս խումբը պիտի դնէ ազգային վրէժխնդրութեան կեդրոնը, եւ այդ առնչութեամբ որեւէ խաղ պիտի չյաջողի, եւ անոր տէրերը ազգային ամէնէն մեծ գիները պիտի վճարեն:
«Ան, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը կորսնցնէ, Լիբանանը կը կորսնցնէ, եւ Լիբանանն ու Նեպիհ Պըրրին Դիմադրութեան մարտադաշտերուն մէջ են: Ազգային բանակցութիւնն ու գերիշխանական շահերը իրարմէ չեն անջատուիր», ըսաւ շէյխ Քապալան: