Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Դիմադրողներուն բառարանին մէջ նահանջել չկայ»` աւելցնելով. «Դիմադրողները Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ եւ անկէ դուրս իրենց հարուածներով անակնկալի կը մատնեն թշնամին»:
«Իսրայէլ միայն մարզադաշտի մէջ լուսանկար կը փնտռէ` նկատի ունենալով «սարդոստայն»-ին անոնց ոգիներուն մէջ ձգած սպին», ըսաւ ան:
«Ներկայ իշխանութիւնը ժողովուրդի մակարդակին վրայ չէր եւ երիտասարդ դիմադրողներուն դիմադրութեան տէր չկանգնեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ազգային ուխտէն դուրս եկողները ներքին պառակտում կը հրահրեն եւ Պընթ Ժպէյլի ճակատամարտին վերաբերեալ սուտեր կը տարածեն»:
Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան ու իսրայէլեան կողմերուն միջեւ բանակցութեան, Ֆատլալլա հարց տուաւ, թէ «իշխանութիւնը կը գիտակցի՞ իր կատարածին վտանգին», իշխանութեան կոչ ուղղելով` «լիբանանցիները սահմանադրութեան տառին համաձայն միացնելու»:
«Ուաշինկթընի պատկերը Լիբանանի ինքնութիւնն ու ժողովուրդին ընտրանքները չ՛արտացոլացներ, եւ զայն նկարողը գիտէ, թէ իրականութեան հետ կապ չունի», ըսաւ երեսփոխանը` շեշտելով. «Լիբանանցի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ թշնամութեան հետ է»:
«Ուղղակի բանակցութիւններուն դէմ ենք, որովհետեւ քաղաքական պարունակութիւն ունի, եւ թշնամին է, որ կ՛օգտուի», նշեց երեսփոխանը:
«Իշխանութիւնը կը պնդէ, որ Լիբանանի բանակցային հոլովոյթը անջատած է Իսլամապատի հոլովոյթէն. իրականութիւնը այն է, որ ատիկա իսրայէլեան պահանջ մըն էր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ամերիկացի բանագնացը Իսլամապատի մէջ Լիբանանը զինադադարին մէջ ներառելը մերժող իշխանութեան դիրքորոշման վրայ հիմնուեցաւ»:
«Կ՛ուզենք, որ այս յարձակումը իր բոլոր ձեւերով դադրի», շեշտեց Ֆատլալլա: