Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Զինադադարի Յայտարարութիւնը` Հաւանակա՞ն

Մինչ երէկ յետմիջօրէէն ետք սկսան լուրեր շրջիլ զինադադար յայտարարելու հաւանականութեան իսրայէլեան բանակը Նաքուրայի մէջ տուն մը պայթեցուց:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Մայֆատունի վրայ, ապա հարուածեց յարձակումի վայր հասած շտապ օգնութեան խումբը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Լեռնալիբանանի մէջ Ժիէի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Այդ յարձակումէն քանի մը վայրկեան առաջ Սաատիեթի ճամբուն վրայ եւս ինքնաշարժ մը յարձակումի ենթարկեց:

Հըզպալլա հրթիռակոծեց Խիամ քաղաքին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներն ու իսրայէլեան մեքենաները:

Հըզպալլա նաեւ Տիպաալ գիւղին մէջ հակաօդային հրթիռով դէմ դրաւ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւի մը եւ ստիպեց, որ ան նահանջէ:

Հըզպալլա նաեւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքով հարուածեց իսրայէլեան բանակի Մաթաթ զօրանոցը, ինչպէս նաեւ հրթիռակոծեց Միսքաֆ Ամ եւ Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրերը:

Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Պընթ Ժպէյլ քաղաքի հիւսիսային մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները:

Իսրայէլեան բանակէն սպաներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած են. «Հարաւային Լիբանանի մէջ տուներ կը քանդենք` շրջաններ դատարկելու եւ արգելակիչ գօտի հաստատելու համար»:

Աղբիւրներ օրաթերթին նշեցին. «Իսրայէլեան բանակը աշխատանք կը տանի հարաւային Լիբանանի մէջ յաւելեալ զինուորական դիրքեր ստեղծելու եւ անոնց թիւը բազմապատկելու»:

Մինչ այդ, աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «լիբանանեան ճակատին վրայ զինադադարի համար հաղորդակցութիւններ կը կատարենք»: Սակայն իսրայէլեան աղբիւր մը «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթին նշեց. «Լիբանանի հետ զինադադարի հաստատման որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի»:

Իրանեան քաղաքական-ապահովական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի հետապնդումով եւ ճնշումով այս գիշերուընէ սկսեալ Լիբանանի մէջ զինադադար պիտի հաստատուի»:

Այսուամենայնիւ, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իսալ Զամիր հարաւային Լիբանանի մէջ 162-րդ զօրախումբին իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը վաւերացուցած է Լիբանանի եւ Իրանի մէջ կռիւը շարունակելու զինուորական ծրագիրներ:

Երէկ գիշեր Հըզպալլայի ղեկավար դէմքերէն Մահմուտ Քումաթի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտարարեց, որ Հըզպալլա զինադադար յայտարարելուն համաձայնած է, սակայն թոյլ պիտի չտայ վերադառնալ 2024-ի համաձայնութեան փորձառութեան, ուր մէկ կողմէ ամբողջովին յանձնառու եղաւ համաձայնութեան գործադրութեան, իսկ միւս կողմը` Իսրայէլը, յանձնառու չգտնուեցաւ:

 

 

Leave a Comment