Յայտարարութիւններ (15 Ապրիլ 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԳՆՏՈՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 12 ապրիլ 2026-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մատլեն Եալգըզեան-Պօղոսեան
Տիար տոքթ. Շահէ Պօղոսեան
Օրիորդ դոկտոր Շիլա Պօղոսեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Անժել Գարակէօզեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Լուսին Պօղոսեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Վիքթորիա Գասարճեանի ընտանիք
Պօղոսեան եւ Եալգըզեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Շաշաթի ընտանիքներ
Յովակիմեան եւ Մովսէսեան ընտանիքներ
Տանայեան եւ Մարտիրոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԴՈԿՏՈՐ ՄԿՐՏԻՉ (ՄԱՅՔ) ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 12 ապրիլ 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 15 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 16 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆԻ (ՏԷՕՐԹ ԵՈԼ) ննջեցեալներուն հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Սոյն արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ հոգեսուրճ պիտի մատուցուի:

ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆԻ (ՏԷՕՐԹ ԵՈԼ) ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment