Հաւատք, Որ Չի Խախտիր Յոյսի Եւ Հաւատքի Ուժը

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Սուրբ Զատկուան առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ` աղօթքի, յոյսի եւ Քրիստոսի յարութիւնը տօնելու համար: Եկեղեցին ամբողջութեամբ լեցուն էր, մարդիկ լուռ ու խոնարհ կը հետեւէին աղօթքներուն, իսկ վեհափառ հայրապետին քարոզը կը հասնէր իւրաքանչիւրի սրտին:

Դուրսը կիրակի առտուան մեղմ հով մը կը փչէր: Անթիլիասի մայրավանքին շրջակայքը խաղաղ կը թուէր, իսկ եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմերուն լոյսը, շարականներուն ձայնը եւ հաւատացեալներուն ներկայութիւնը կը ստեղծէին այնպիսի մթնոլորտ մը, երբ մարդը պահ մը կը մոռնար արտաքին աշխարհին անհանգստութիւնները: Սակայն այդ սրբազան մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի այս դժուար օրերուն սովորական դարձած անհանգստութիւնը կրկին ներկայ էր: Եկեղեցւոյ վրայէն կ՛անցնէին իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը, որոնց ձայները կը խախտէին Սուրբ Զատկուան խաղաղութիւնը: Անոնք կը յիշեցնէին, թէ որքա՛ն ծանր եւ անորոշ ժամանակներ կ՛ապրինք:

Ամէնէն զգացական պահը եկաւ այն ատեն, երբ սկսաւ «Սուրբ, սուրբ» շարականը: Եկեղեցին ամբողջովին լուռ էր: Մարդիկ իրենց գլուխները խոնարհած` խոր աղօթքի մէջ էին: Այդ պահուն յանկարծ լսուեցաւ պայթումի մը ձայնը: Շատեր ակամայ փորձեցին հասկնալ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ, աջ ու ձախ նայեցան, սակայն ոչ ոք խախտեց իր աղօթքը, ոչ ոք լքեց իր տեղը, ոչ ոք կորսնցուց այդ սուրբ վայրկեանի իմաստը: Քանի մը վայրկեան ետք բոլորը նոյն խոնարհութեամբ շարունակեցին աղօթել:

Այդ տեսարանը խորապէս կը փաստէ լիբանանահայութեան կամքն ու կորովը: Թշնամիին սպառնալիքները, պատերազմական ձայները եւ վախի մթնոլորտը չեն կրնար կոտրել ժողովուրդ մը, որ իր հաւատքին մէջ ամուր է: Այս այն ժողովուրդն է, որ դժուարութիւններու մէջ իսկ աղօթք կը բարձրացնէ եւ իր զաւակներուն կը սորվեցնէ, որ յոյսը երբեք չի մեռնիր, եւ ամուր կը պահէ իր աւանդութիւնները: Ոչ մէկ վտանգ, ոչ մէկ պատերազմ, ոչ մէկ սպառնալիք կրնայ մեզ հեռացնել մեր եկեղեցիէն, մեր հաւատքէն, մեր տօներէն եւ մեր արմատներէն: Մենք այն ժողովուրդն ենք, որ ամէն դժուարութեան մէջ անգամ կը շարունակէ իր Զատիկը նշել եւ իր հաւատքը ապրիլ:

Այս բոլոր դէպքերը անխուսափելիօրէն կը վերյիշեցնեն մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն ապրած տարիները: Անոնք ալ ապրեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուար օրերը, երբ ռումբերու ձայները, վախը եւ անորոշութիւնը դարձած էին առօրեայ իրականութիւն: Բայց նոյն այդ մարդիկը, պատերազմի ամէնէն մռայլ ու սարսափելի օրերուն անգամ, երբ ռումբերու ձայները կը խլացնէին քաղաքը, երբ մարդիկ ամէն առտու աչք կը բանային անորոշութեան մէջ եւ ամէն գիշեր կը քնանային վախով, չդադրեցան եկեղեցի երթալէ, չհեռացան իրենց հաւատքէն եւ չկորսնցուցին իրենց ներքին ուժը: Անոնք իրենց ընտանիքները ամուր պահեցին, իրենց զաւակներուն յոյս սորվեցուցին եւ ամէն դժուարութեան մէջ ալ շարունակեցին ապրիլ, որովհետեւ գիտէին, թէ միայն հաւատքն ու միասնականութիւնն են, որ մարդը կրնան կանգուն պահել: Այսօր ալ նոյն այդ ոգին կ՛ապրի մեր մէջ: Մենք ժառանգած ենք ոչ միայն մեր նախնիներուն ցաւը, այլ նաեւ` անոնց ուժը, համբերութիւնը եւ վերապրելու կամքը:

Այսօր, երբ Լիբանանը կ՛ապրի ծանր օրեր, երբ մարդիկ ամէն օր անորոշութեան, տնտեսական դժուարութիւններու եւ անվտանգութեան սպառնալիքներու դիմաց կը գտնուին, հաւատքը դարձած է այն միակ լոյսը, որ մարդուն ուժ կու տայ շարունակելու: Սուրբ Զատիկը այս տարի աւելի խոր իմաստ ունեցաւ, որովհետեւ ան մեզի յիշեցուց, թէ Սուրբ Յարութիւնը միայն եկեղեցական տօն մը չէ, այլ յաղթանակն է վախին վրայ, յոյսին վերադարձն է, եւ վստահութիւնը, թէ ամէն խաւարէ ետք լոյս մը կայ:

Եւ հաւանաբար այս է մեր ժողովուրդին մեծագոյն ուժը. որքան ալ դժուարին ըլլան օրերը, որքան ալ վտանգները մօտ ըլլան, որքան ալ աշխարհը փորձէ մեզ վախցնել, լիբանանահայը պիտի շարունակէ կանգուն մնալ: Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կորսնցուց իր հայրենիքը, անցաւ Ցեղասպանութեան, պատերազմներու եւ գաղթի ճամբաներէն, բայց երբեք չկորսնցուց իր հաւատքը: Եւ քանի դեռ մեր եկեղեցիները լեցուն են, մեր մոմերը կը վառին, եւ մեր աղօթքները կը բարձրանան, ոչ մէկ ուժ կրնայ կոտրել մեզ:

 

 

Leave a Comment