Մեռած Հոգիներ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Չեմ գիտեր, վստահ չեմ, բայց հաւանաբար կան բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ մեռած հոգիներու մասին,  մեռած հոգիներ մոխրացած սրտերով, մեռած հոգիներ, որոնք երբեք տուն պիտի չվերադառնան, չեն յոգնած թափառելէ, մեռած շնչաւորներ, որոնց հոգիները այնքան մեռած են, որ այլեւս չեն խօսիր, չեն խօսիր ոտքերու տակ հողին հետ:

Արդեօք որքա՞ն է այս մեռած հոգիներուն թիւը:

Ազգային ինքնութեան մասին  խօսակցութիւնները այսօր  մեր ժամանակներու հասարակութեան ամէնէն  շատ վարակող  նիւթերէն մէկն է: Ինչո՞ւ… քանի որ, շատ հաւանաբար, հռետորական թուացող այդ հարցադրումները խոր հետեւանքներ կրնան ունենալ թէ՛  ներկայի եւ յատկապէս մեր ապագային համար: Հետեւանքներ կ՛ունենան նաեւ մեր  որդեգրելիք հաւաքական քաղաքականութեան համար:

Խնդիրը կրկնակի կարեւորութիւն ստացած է այսօր երկու իրողութիւններու բերումով: Առաջին`  Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու պղտորում, երկրորդ` Հայաստանի մէջ ի գործ դրուող արժէքային համակարգի վերաքոտաւորման սուր  գործընթաց:

Հայ հանրային կարծիքի բացակայութեան կամ թուլութեան իրողութեան դիմաց`  ենթադրութիւն պիտի ընեմ, երբ ըսեմ, որ  հասարակ մարդուն եւ միւս կողմէ վերնախաւի (էլիթայի) միջեւ  ազգային ինքնութեան պատկերացումները հակոտնեայ են,  մեծապէս կը տարբերին  իրարմէ: Հայ մարդու հիմնական մտահոգութիւնը իր ֆիզիքական ապահովութիւնն է, ընկերային բարեկեցիկ կեանքն է,  որ խորքին մէջ անհրաժեշտ պայման է որեւէ հաւաքականութեան  զարգացման համար` լեզուի, մշակոյթի, Եկեղեցիի  եւ ազգային ինքնութեան զարգացման համար:

Իսկ այսօրուան վերնախաւին մաս կազմող շատերու  համար այս բոլորը երկրորդական են.  համաշխարհայնացուով ախտահար` ունին լրիւ այլ նախընտրութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ:

Հայ ժողովուրդը, ինչպէս ամէն տեղ, այսօր բռնուած է աքցանի մը  մէջ, որ իր ընտրութեան արդիւնք չէ: Իմ համոզումովս, խնդիրը ոչ թէ համաշխարհայնացումն է, այլ  աշխարհաքաղաքացիութեան ու ազգայինի միջեւ  ընթացող ուժգին  եւ բացայայտ պայքարն է:

Եւ այո՛, մեր իրականութիւնը եւս վարակուած է մեռած հոգիներու սինտրոմով, ախտանշաններով:

Մեռած հոգիներու թիւը անհամեմատ  շատ է վերնախաւին մէջ` մտաւորականներ, գործարարներ, համալսարաններ, ուսանողներ, որոնք համաշխարհայնացման փողոցները  թափառելէ ետք, տարրական հայրենասիրութեան եւ հաւատարմութեան  զգացումները կորսնցուցած, չեն կրնար հանգրուանել հարազատ հայրենիք: Վերնախաւի արժէքային համակարգն ու վարուելակերպը, ախորժակներն ու ագահութիւնը լրիւ կը հակադրուին հասարակ հայ մարդու բնածին հողասիրութեան, ազգային ինքնութեան եւ յստակ պատկանելիութեան,  ամուր հաւատքին:

Իրականութիւնը այն է, որ տասնամեակներէ ի վեր  անարգել ներթափանցող եւ վարակիչ ուժեր իրենց ձեռքերուն մէջ տակաւին կը  պահեն  քաղաքական, մշակութային,  գործարար աճեցուած էլիթաները:

Եկէք` ընդունինք, որ այս վերնախաւի ապազգայնացումը պիտի շարունակուի, եւ այս մարդոց հայութեան դիմաց  յանձնառութիւնները  շարունակաբար պիտի նուազին` լիակատար հակադրուելով հայութեան հաւաքական շահերուն:

Եւ  հասեր ենք տեղ մը, ուր ազգային շահերը լրիւ ենթակայ են ապազգայինին: Այս շրջանակները մարդկութեան ծառայելը կը հակադրեն ազգայինին. ազգայինի շաղախ հիմնարկները, նորմերը` բարոյական եւ նիւթական,  կը համարուին չարիք, իսկ հայրենասիրութիւնը եւ պատմական ժառանգը` վտանգաւոր բեռ: Ասիկա արդէն խոր արմատներ ունի  հայկական վերնախաւին մէջ, որ ինքզինք կը տեսնէ որպէս համամարդկային արժէքներ կրող խումբ, քաղաքի բնակիչ, ուրպանացուած բարդ եւ իմաստուն մարդ, իսկ մնացեալներս` «քըխ»:

Մեռած հոգիներու այս հաւաքածոն, կտրուած միջին հայ մարդու իրականութենէն, կ՛ապրի մեր մէջ, հայ աշխարհին մէջ, օտարացած  փոքրիկ աշխարհ մը, խզուած մեզմէ` մնացեալէն:

Եւ ինքնութիւնը վերասահմանելու պահուն անպայման պէտք է յիշել այս շրջանակը: Առաջին անգամ չէ, որ էլիթաները կը գործեն իրենց ժողովուրդին դէմ…

Կը մնայ  մեզի` մնացեալիս, տիրոջ իրաւունքով  բարձրաձայնել, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ հայ մարդու  ինքնութիւնը:

 

 

Leave a Comment