• Ամերիկա-Իրան բանակցութիւնները ձախողեցան. Թեհրան հրաժարած է կատարել ուրանի եւ Հորմուզի նեղուցի վերաբերեալ Ուաշինկթընի պահանջները։
• Ամերիկան այսօր՝ 13 Ապրիլին պիտի սկսի Իրանի նաւահանգիստները շրջափակել։
• Ամերիկայի հետ հնարաւոր համաձայնագիրը «անհասանելի չէ»․ Փեզեշքիան։
• Թրամփ խիստ քննադատած է Հռոմի Պապը՝ զայն անուանելով «սարսափելի» արտաքին քաղաքականութեան մէջ։
• Հունկարիոյ ընտրութիւններուն ընդդիմութիւնը յաղթեց․ Օրպան ընդունեց պարտութիւնը։
• Հայաստանի արհեստագիտական ներուժը եւ համագործակցութեան հեռանկարները՝ Japan IT Week 2026 ցուցահանդէսին ։
• Աշխարհահռչակ դաշնակահար Լանկ Լանկ արդէն Երեւան ժամանեց։ Ան ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի 20-ամեակի կալա համերգին։
