Բռնցքամարտ. Ազգային Խումբը Պատրաստ Է Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը ներկայացուց ազգային խումբի պաշտօնական կազմը, որ կը մասնակցի 2026-ի բռնցքամարտի աշխարհի բաժակի առաջին փուլին:

Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ 20-էն 26 ապրիլ` «Ուորլտ Պոքսինկ» կազմակերպութեան հովանիի տակ:

Մրցումներուն կը մասնակցին տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները: Հայաստան պիտի մասնակցի 9 բռնցքամարտիկներով` հետեւեալ ձեւով:

ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Անուշ Գրիգորեան (51 քկ)
եւ Էլիտա Քոչարեան (65 քկ)

ՏՂԱՔ
Ռուտոլֆ Գարբոյեան (50 քկ)
Ժիրայր Սարգսեան (55 քկ)
Արթուր Բազէեան (60 քկ)
Արթուր Սահակեան (65 քկ)
Արարատ Յարութիւնեան (70 քկ)
Նարեկ Մանասեան (90 քկ)
Դաւիթ Չալոյեան (90-էն վեր կշիռք)

Մրցաշարքը կը բաղկանայ 3 փուլերէ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, տեղի կ՛ունենան «Ուորլտ Պոքսինկ»-ի կազմակերպութեամբ:

Երկրորդ փուլը տեղի կ՛ունենայ յունիսին` Չինաստանի մէջ, այնուհետեւ իւրաքանչիւր կշիռի կարգերէն 8 լաւագոյն բռնցքամարտիկները կը հասնին աւարտական փուլ, որ շատ հաւանաբար տեղի ունենայ Թաշկենտի մէջ, նոյեմբերին:

Բոլոր երեք փուլերուն արդիւնքներուն հիմամբ կը ձեւաւորուին մարտիկներու դասաւորումները` «Ուորլտ Պոքսինկ»-ի հովանիին տակ: Կը սպասուի, որ այդ դասաւորումը կարեւոր դեր ունենայ 2026-ի Ողիմպիական խաղերու զտումի մրցումներուն ընթացքին:

Աշխարհի բաժակի մրցաշարքը 2025-էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ, սակայն այդ ժամանակ Հայաստան տակաւին չէր միացած «Ուորլտ Պոքսինկ»-ին:

Ներկայիս, 2026-ին հայկական հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս մրցաշարքին:

 

Leave a Comment