Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակելզմանի վրայ ճնշումները կը բարձրանան, մանաւանդ Ռէալ Մատրիտի դէմ Պայերն Միւնիխի երեքշաբթի օրուան մրցումէն ետք:
Արդարեւ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի ճակատումին, Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր եւ մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուած էր Պայերնի վեթերան բերդապահ Մանուէլ Նոյըր:
40 տարեկան Նոյըր հինգ աստղանի ելոյթ ունեցաւ` զսպելով ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէի եւ պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիորի վտանգաւոր հարուածները:
Նոյըր, որ 2024-ին լքած էր միջազգային ֆութպոլը` 14 տարիներ ազգային խումբին բերդը պաշտպանելէ ետք, միշտ ալ համակիրներու մեծ մասին մտքերուն մէջ կը մնայ, մանաւանդ որ 2024-էն ի վեր յստակ բերդապահ մը իր դիրքը չէ ապահոված: Օլիվըր Պաուման այժմ թիւ 1 բերդապահն է, մինչ Պայերնի պահեստի բերդապահ Եոնաս Ուրպիկ եւ Ալեքսանտր Նուպել` անոր փոխանորդները: Մարք – Անտրէ Թեր Շթեկեն արդէն իսկ դուրս մնացած է ազգային խումբէն` յաճախ վիրաւորուելուն պատճառով:
Մրցումէն ետք, նոյնիսկ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ալվարօ Արպելօա խօսած էր Նոյըրի մասին. «Կը կարծեմ, որ Նոյըր լաւագոյն մարզին էր: Շատ կոլ նշանակելու առիթներ ունեցանք, բայց իր պատճառով ձախողեցանք»:
Գերմանիոյ բերդը միշտ ալ վստահելի բերդապահներ պաշտպանած են, սակայն Նոյըրէն ետք կայուն մէկը չկայ տակաւին:
Մոնտիալը պիտի սկսի յունիսին, եւ շատեր կը փափաքին տեսնել Նոյըրը` ազգային խումբին հետ, սակայն ըստ երեւոյթին անոր կապերը այդքան ալ սերտ չեն Նակելզմանի հետ: Օրեր առաջ, երբ Նոյըր իր 40-րդ տարեդարձը նշեց, Նակելզմանին հարցում մը ուղղուեցաւ այդ գծով, բայց մարզիչը պարզապէս յայտնեց, որ լուր չունէր, որ Նոյըր 40 տարեկան եղած է: Ան արդէն իսկ քանի մը անգամ յայտնած էր, որ հրաւէր պիտի չյղէ անոր` վերադառնալու: Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուած մրցումէն ետք, նոյնինքն Նոյըրին ուղղուեցաւ այս հարցումը. «Հիմա ազգային խումբին ժամանակը չէ: Այսօր ո՞ւր խաղցանք. սքանչելի մրցում մըն էր: Ես իմ բաժինս ըսի, եւ այժմ Պայերնի վրայ պէտք է կեդրոնանալ», ըսաւ Նոյըր:
Մինչ Նոյըր կ՛ուզէ կեդրոնանալ Պայերնի խաղերուն վրայ, այս ձեւի ելոյթներ ինքնաբերաբար ճնշում պիտի բանեցնեն Նակելզմանի վրայ:
«Իրականութեան մէջ անակնկալի չեկայ իր ելոյթէն: Մանուէլ Նոյըր այս մակարդակի ելոյթներ կ՛ունենայ տարեշրջանի սկիզբէն: Այսօր ալ մեզ փրկեց քանի մը առիթներէ», ըսաւ Պայերնի մարզական տնօրէն Մաքս Էպրել: Էպրելին հարցում ուղղուեցաւ ազգային խումբ վերադարձի մասին. ան պարզապէս պատասխանեց. «Ես չեմ ազգային խումբին մարզիչը»:
Նակելզման, որ քանի մը շաբաթ առաջ նոյն ձեւի ճնշումի տակ կը գտնուէր Շթութկարթի յառաջապահ Տենիզ Ունտաւի հրաւէրին գծով, վերջապէս հրաւիրած էր Ունտաւը, որ բաւական լաւ ելոյթներ ունեցած էր Շթութկարթի շապիկով` 39 մրցումներու ընթացքին 23 նշանակելով այս եղանակին: Ան 2024-ին 5 ելոյթներու մասնակցելէ ետք 2025-ին միայն 1 անգամ հրաւիրուած էր ազգային խումբ, մինչ 30 մարտին Կանայի դէմ կոլ նշանակեց իր վերադարձին:
Նշենք, որ Նակելզման իր ունեցած մարզիկները երեք խմբակներու բաժնած է` Մոնտիալի վերջնական 26 մարզիկները ընտրելէ առաջ:
Առաջին խմբակին մաս կը կազմեն իրենց դիրքերը ապահոված մարզիկները, ինչպէս` Օլիվըր Պաուման, Եոշուա Քիմիչ, Եոնաթան Թահ, Նիքօ Շլոթերպեք, Տաւիտ Ռաում, Ալեքսանտր Փաւլովիչ, Ֆլորիան Վիրց, Ժամալ Մուսիալա եւ Քայ Հավերց: Սերժ Կնապրի սկզբունքով նկատի առնուած էր իբրեւ վիրաւոր Մուսքալայի փոխարինող, բայց Լիրոյ Սանէի եւ Ճէյմի Լեվերլինկի ձախող ելոյթներէն ետք, Կնապրի շատ հաւանաբար հիմնական մարզիկ ըլլայ: Փաւլովիչի կողքին միջնապահ դիրքին համար կը մրցի Լէոն Կորեցքա – Ֆելիքս Նմեչա զոյգը, անշուշտ եթէ այս վերջինը ապաքինի Մոնտիալի նախօրեակին:
Բ. խմբակին մաս կը կազմեն իրենց դիրքերը գրեթէ ապահոված պահեստի մարզիկները, ինչպէս` Ալեքսանտր Նուպել, Եոնաս Ուրպիկ, Անթոնիօ Ռուտիկեր, Վալտեմար Անթոն, Նաթանիել Պրաուն, Փասքալ Կրոս, Նիք Վոլթեմատէ, Լենարթ Քարլ, Տենիզ Ունտաւ, Քեւին Շատէ, Մալիք Թիաու եւ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ:
Գ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆինն Տամեն, Անթոն Սթաչ, Եոշուա Ֆակնոման, Անկելօ Շթիլեր, Քրիս Ֆիւրիչ, Ասան Ուետրաոկօ, Մաքսիմիլիան Միթելշթատ եւ այլ անուններ:
Նակելզման խմբակներու այս ձեւը որդեգրած է Գերմանիոյ պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կորտըն Հերպերթէն, որ 2023-ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր Գերմանիոյ հետ: