Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ Բ.
Իր տուած առաջին ելոյթէն ետք (յուլիս 2025), որ հանդիսատեսներուն վկայութեամբ եղաւ իր անդրանիկ յաջողութիւնը, եւ որուն արձագանգները դուրս եկան սրահի սահմաններէն եւ տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ, լիբանանահայ երիտասարդ ու տաղանդաւոր երաժիշտ, Սէրուժ Պաղտասարեան 20 մարտ 2026-ին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ունեցաւ իր կողմէ մշակուած եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած ստեղծագործութիւններու երկրորդ ելոյթը: Ծայրէ ծայր լեցուն սրահը, տիրող ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտը, բեմին եւ սրահին միջեւ անմիջական ծաղկող կապը փաստեցին, որ ազգային ու հայրենասիրական սիրուած երգեր եւ աւանդական երաժշտութիւններուն Սէրուժ Պաղտասարեանի տաղանդին ու վարպետութեան շնորհիւ` արդի մօտեցումներով մշակումը արդէն յաջողութեան ճամբով կ՛ընթանայ հաստատ քայլերով:
Համերգին եւ ընդհանրապէս Սէրուժ Պաղտասարեանի ապագայի ծրագիրներուն վրայ լուսարձակ սփռելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ տաղանդաւոր երիտասարդին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- 20 մարտին անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ իւրայատուկ համերգդ, որուն ներկայ եղան Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մեծաթիւ հայորդիներ: Նախ խօսինք մասնակցութեան պատկերին մասին` խումբեր, անհատներ եւ այլն:
ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- 20 մարտի համերգը իսկապէս յատուկ շարունակութիւնն էր նախորդ մեծ յաջողութեան: Ներկայ էին թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ սփիւռքէն ժամանած հայեր` տարբեր սերունդներու եւ շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Կային` մշակութային գործիչներ, երաժիշտներ, երիտասարդներ, ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ` մարդիկ, որոնք առաջին անգամ կը բացայայտէին այս նախագիծը:
Համերգի հիմնական մեկնաբանը, ինչպէս նախորդին, Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբն էր, իրենց մասնակցութիւնը բերին «Քամերթոն վոյալ սթիւտիօ» մանկական երգչախումբը, Երեւանի սենեկային պետական երգչախումբը, ժողովրդային գործիքներու մեկնաբան արուեստագէտները: Կարեւոր է յիշել ներդրումը Մարթին Ուլիխանեանին, որ եղանակներուն գործիքաւորումը կատարած է:
«Ա.».- Երկրորդը ի՞նչով կը տարբերէր առաջինէն:
Ս. Պ.- Ծրագիրը եւ մասնակից խումբը գրեթէ ամբողջովին նոյնն էին, միայն աւարտին աւելցուցինք մէկ նոր ստեղծագործութիւն: Իրականութեան մէջ երկրորդ համերգը կազմակերպուեցաւ հանդիսատեսի մեծ պահանջով, քանի որ առաջինէն ետք շատեր կը խնդրէին կրկնել զայն:
Տարբերութիւնը հիմնականին մէջ մթնոլորտին եւ ընկալման մէջ էր: Առաջին համերգը որոշ չափով փորձ մըն էր` թէ՛ ինծի, թէ՛ բոլորին համար: Շատ շնորհակալ եմ, որ անիկա յաջողեցաւ եւ փաստեց, որ կարելի է միաւորել ժամանակակից սիմֆոնիք երաժշտութիւնը եւ հայկական ժողովրդականը` ստեղծելով արժէքաւոր ու ազդեցիկ նախագիծ:
Երկրորդ համերգը արդէն հաստատում մըն էր: Այս անգամ հանդիսատեսը շատ աւելի գիտակցաբար եկած էր` հասկնալով, թէ ի՛նչ պիտի տեսնէ եւ ապրի: Անոնք ամբողջովին ներգրաւուած էին` պարերով, ծափերով ու արձագանգով: Անկեղծօրէն` անիկա աներեւակայելի փորձառութիւն մըն էր:
«Ա».- Յստակ է, որ երկու ելոյթներն ալ կայացան բաւական ճոխ, ազգային շունչով տոգորուած, ազգային մշակոյթի հնչեղութիւն ունեցող մթնոլորտի մէջ` երգը, նուագն ու ինքնաբուխ պարը համախմբելով: Խօսինք այս մասին, խնդրեմ` պատմես նաեւ արձագանգներուն մասին:
Ս. Պ.- Ամէնէն մեծ արժէքը այս ծրագրին մէջ այն է, որ մարդիկ կը զգան իրենց արմատներուն կապը, բայց` ժամանակակից ձեւով: Երգը, նուագը եւ երբեմն ինքնաբուխ պարը կը միաւորեն բոլորը` ստեղծելով շատ անկեղծ մթնոլորտ:
Արձագանգները իսկապէս շատ ուժեղ էին` թէ՛ սրահին մէջ, թէ՛ յետոյ` ընկերային ցանցերուն մէջ: Շատեր գրեցին, որ նման բան երկար ատեն կամ նոյնիսկ երբեք չէին ապրած, եւ որ` այս նախագիծը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան:
Այս անգամ գրեթէ ամբողջ դահլիճը` մօտ 2000 հոգի, ոտքի կանգնած էր, կը պարէր ու կը մասնակցէր: Անկեղծօրէն` բեմին վրայ գտնուողներս բոլորս շշմած էինք այդ տեսարանէն:
«Ա.».- Ծրագիրներ կա՞ն Հայաստանէն դուրս եւս համերգներ կազմակերպելու, եթէ` այո՛, նոյն ձեւաչափով, սիմֆոնիք նուագախումբն ու մասնակից խումբերը ներառուա՞ծ, թէ՞ այլ մտածումներ կան:
Ս. Պ.- Այո՛, արդէն ունիմ բազմաթիւ առաջարկներ` տարբեր երկիրներէ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն եւ Լիբանանէն: Քննարկումներ կան, օրինակ, Լիբանանի մէջ մեծ համերգ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Սակայն պէտք է ըսեմ, որ շուրջ 100-120 հոգիէ բաղկացած խումբ տեղափոխելը գրեթէ անկարելի է: Ասիկա է պատճառը, որ այժմ կը փորձեմ գտնել իրագործելի լուծումներ: Իրականութեան մէջ այս շատ բարդ նախագիծ մըն է, եւ հիմա աւելի լաւ կը գիտակցիմ անոր իրական ծաւալին ու բարդութեան:
Այդ պատճառով ալ կը մտածեմ աւելի ճկուն ձեւաչափերու մասին` պահպանելով որակը, բայց` յարմարեցնելով պայմաններուն:
«Ա.».- Յաջողութիւնները, հպարտօրէն, կը յաջորդեն իրարու, սակայն տակաւին մեծ են ակնկալութիւնները: Ինչպէ՞ս կը տեսնես ապագադ այդ մարզին մէջ:
Ս. Պ.- Ինծի համար այս միայն սկիզբն է: Կը փափաքիմ շարունակել զարգացնել այս ուղղութիւնը` հայկական աւանդական երաժշտութիւնը միացնելով ժամանակակից եւ սիմֆոնիք աշխարհներուն:
Միեւնոյն ժամանակ կը տեսնեմ այս նախագիծը նաեւ միջազգային բեմերու վրայ ներկայացնելու կարելիութիւն` որպէս հայկական մշակոյթի ուժեղ եւ մրցունակ ձեւ:
«Ա.».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը քու մշակումովդ «Եարխուշտա»-ն որդեգրեց իբրեւ իր պաշտօնական քայլերգը: Ասիկա քեզի հետ համադրաբա՞ր եղաւ, թէ՞ անակնկալ էր: Խօսինք այս մասին, նաեւ` քու տպաւորութեանդ:
Ս. Պ.- Ասիկա մեծ պատիւ է ինծի համար: Երբ իմացայ, անկեղծ ըսած` նաեւ որոշ չափով անակնկալ էր, բայց` շատ ուրախալի:
Մեծ պատիւ է ինծի համար` համագործակցիլ ֆետերասիոնին եւ նուագախումբին հետ` նման գեղեցիկ նախաձեռնութեան շուրջ: Հանդիսատեսէն եկած արձագանգը շատ բարձր էր եւ արժէքաւոր, եւ կը յուսամ, որ այս քայլերգը նոր ոգի պիտի փոխանցէ մեր ազգային հաւաքականին:
Այո՛, ի հարկէ տեղեակ էի այս գործընթացէն, թէեւ յայտարարութիւնը որոշ չափով անակնկալ եղաւ: Բայց այդ անակնկալը միայն ուրախալի էր:
Կարծեմ` ամենագեղեցիկ պահերէն մէկը պիտի ըլլայ այն օրը, երբ այս քայլերգը կենդանի պիտի հնչէ մարզադաշտին մէջ: Վստահ եմ, որ շատ յուզիչ եւ ազդեցիկ զգացում մը պիտի ըլլայ ինծի համար:
«Ա.».- Վերջերս նաեւ մասնակցութիւն ունեցար Հայկական ազգային երաժշտական այս տարուան մրցումին:
Ս. Պ.- Մարտ 29-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ «Խազեր հայկական երաժշտական մրցանակաբաշխութիւնը»:
«Սիմֆոնիք Ֆոլք 2025» խորագրեալ մեր համերգը առաջադրուած էր այս մրցանակաբաշխութեան: Ինծի համար մեծ պատիւ էր մաս կազմել այս նախաձեռնութեան, հանդիպում ունենալ բազմաթիւ նշանաւոր արուեստագէտներու հետ, որոնք զիս հաճելիօրէն զարմացուցին` ըսելով, որ ծանօթ են իմ աշխատանքիս եւ կը հետեւին անոր:
Թէեւ այս անգամ մրցանակ չշահեցայ, սակայն հանդիսատեսը արդէն իմ մեծագոյն մրցանակս է: Ամէն պարագայի, շատ շնորհակալ եմ այս առիթին համար:
«Ա.».- Ունէի՞ր նպատակ մը, երբ սկսար այս ճամբէն քալել, որքանո՞վ իրագործեցիր նպատակդ, ներկայիս անիկա նոյնը կը մնա՞յ, թէ՞ փոխուեցաւ, ընդարձակուեցաւ թերեւս:
Ս. Պ.- Սկիզբը նպատակս շատ պարզ էր` ստեղծել երաժշտութիւն, որ կը կապէ անցեալն ու ներկան: Այսօր կը տեսնեմ, որ այդ գաղափարը ոչ միայն իրագործուած է, այլ նաեւ` ընդարձակուած:
Նպատակս միշտ նոյնն է, չէ փոխուած: Հայ երգը, երաժշտութիւնը եւ պարեղանակները ներկայացնել իմ նոր պատկերացումովս, որուն կարծես այսօր մարդիկ աւելի քան երբեւէ կարիքը ունին: Նաեւ` տարածել եւ ծանօթացնել հայկական մշակոյթը թէ՛ հայերուն, թէ՛ օտարներուն, բայց կը հաւատամ, որ նախ պէտք է սկսինք մենք մեզմէ: Այս ճամբան անպայման պիտի շարունակեմ: Պարզապէս ներկայացման ձեւերն են, որ կը զարգանան` «Եու Թիւպ»-էն անցնելով դէպի բեմական մեծ ներկայացումներ:
Կը յուսամ, որ ապագային այս բոլորը պիտի հասնին աւելի մեծ բեմերու, աւելի կատարելագործուած եւ զարգացած ծրագիրներով: ես կը հաւատամ, որ մենք կրնանք նաեւ փաստել, թէ ոչ միայն ռապիզը կամ փոփ երաժշտութիւնն է, որ կրնայ հազարաւոր մարդիկ համախմբել մէկ տեղ, այլ նաեւ հայկականը` նորարարական եւ ժամանակակից մատուցմամբ:



