Սալամ. «Ոչինչ Կ՛արդարացնէ Լիբանանի Հակամարտութիւնը Կապել Ուրիշներու Պատերազմներուն, Որոնց Մէջ Շահ Չունինք»

Աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները ընդլայնեց մինչեւ 14 քիլոմեթր խորութիւն` հասնելով Պայյատա»: Նշենք, որ Պայյատան կը գտնուի Իսրայէլի սահմանէն շուրջ 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Զինուորական աղբիւրներ իրենց կարգին կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ քանդել սահմանի առաջին գիծին վրայ գտնուող լիբանանեան գիւղերուն մէջ գտնուող տուները»:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին Քամիքազ անօդաչու թռչող սարքով հարուածած է տան մը մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժը եւ ուղղակի վնասներ պատճառած անոր :

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Լիբանանեան բանակը ձախողեցաւ Հըզպալլան զինաթափել եւ չյաջողեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ կուսակցութեան ներկայութիւնը արգիլել»:

Իսրայէլեան բանակը երէկ արշալոյսին Զպտին գիւղին մէջ հարուածեց շէնք մը, որ փուլ եկաւ:

Երէկ անօդաչու թռչող սարք մը ինկաւ Պաթրունի Ասիա եւ Պշահլէ գիւղերուն միջեւ գտնուող Նահլա գիւղին մէջ :

Հըզպալլա յայտարարեց, թէ հրթիռակոծած է Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորները:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ շիի երկեակի նախարարներուն մասնակցութեամբ նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց. «Պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պէտք է պետութեան մենաշնորհը մնայ: Կը ձգտինք Լիբանանին խնայել հետագայ կորուստներ եւ բոլոր միջոցներով կ՛աշխատինք պատերազմը դադրեցնելու համար»:

«Ոչինչ կ՛արդարացնէ Լիբանանի հակամարտութիւնը կապել ուրիշներու պատերազմներուն, որոնց մէջ մենք շահ չունինք», շեշտեց Սալամ:

«Լիբանան դարձաւ զոհը պատերազմի մը, որուն արդիւնքները կամ աւարտի ժամկէտը ոչ ոք կրնայ կանխատեսել, ուստի կը կրկնապատկենք մեր դիւանագիտական ջանքերը` այդ յարձակումները կանխարգիլելու համար», նշեց վարչապետը:

«Տեղահանուածները մեծագոյն զոհերն են պատերազմի մը, որուն մղման մէջ խօսք չունէին: Իրավիճակի վտանգաւոր բնոյթը կը պահանջէ ազգային միասնութիւն եւ դաւաճանութեամբ պիտակաւորումի տրամաբանութենէն հեռանալ», ըսաւ Սալամ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Նայիմ Քասեմն ու անոր ընկերները Պասեքի տօնին Իսրայէլի վրայ հրթիռներու արձակման համար սուղ գին պիտի վճարեն»:

«Ամբողջ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի «օձի ժանիքները» արմատախիլ պիտի ընենք», աւելցուց ան:

 

Leave a Comment