Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
Բնաւ չէի կրնար պատկերացնել, որ օր մը ստիպուած կ’ըլլամ մամուլով արձագանգել եւ քննադատել հին բարեկամիս՝ հայտնի մտաւորական, պատմաբան, դասախօս, յատենի պետական գործիչ Ժիրայր Լիպարիտեանին՝ ի պատասխան վերջերս անոր արտայայտած որոշ, կը կրկնեմ՝ որոշ միտքերուն, որոնք, կ’ուզեմ ենթադրել, արտայայտութիւնն են նաեւ հինէն մնացած կարծրատիպային մօտեցումներու։
Վերջին 8 տարիներուն, սկսեալ պետական կառավարման ղեկը պատահաբար ձեռք անցուցած Ն. Փաշինեանի իշխանութեան առաջին օրէն, Հայ եկեղեցւոյ դէմ նախաձեռնուած արշաւին, հոգեւոր եւ քաղաքական իշխանութիւններուն միջեւ ստեղծուած արհեստական հակամարտութեան, բարձրաստիճան եկեղեցականներու մաքրակրոնութեան եւ մաքրակենցաղութեան շուրջ ամբաստանութիւններու եւ մեծաւ մասամբ ներեկեղեցական հրահրուած հակասութիւնները խռովեցին ու դեռ կը շարունակեն խռովել հայաշխարհի կեանքը ամէնուր, Հայաստան թէ Սփիւռք։
Հարցը հասած է հոն, ուր ներեկեղեցական վարքականոնի խախտում կատարած անձը, եկեղեցականը, Եկեղեցւոյ Գերագոյն առաջնորդին՝ Ամենայն հայոց հայրապետի որոշումով պաշտօնազուրկ դարձած ըլլալուն համար, պաշտօնին վերատիրանալու պահանջով բողոք կը ներկայացնէ ոչ թէ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդին, այլ՝ Երեւանի քաղաքացիական դատարանին, որ, աւելի քան արտառոց դէպք, բողոքը վարոյթ կ’ընդունի եւ ընթացք կու տայ անոր, ինչ որ կուսակցական, հասարակական, մշակութային, նոյնիսկ բարեգործական կամ մարզական որեւէ կազմակերպութիւն, որ կը ղեկավարուի իր սեփական կանոնադրութեամբ, պիտի մերժէր ընդունիլ։ Եւ ասիկա՝ պետութեան մը մէջ, որ իր Սահմանադրութեամբ իսկ լայիք է, ուր Եկեղեցին անջատ է պետութենէն, իսկ պետութիւնը՝ եկեղեցիէն, ուր Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը բնորոշուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կատարած բացառիկ իր դերակատարութեամբ։
Հակասութիւնը աւելի քան բացայայտ է, հետեւանքները՝ կործանիչ, Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բնորոշմամբ՝ ազգակործան հետեւանքները՝ յատկապէս։
Ու բնաւ պատահական չէր, որ սփիւռքահայ հեղինակաւոր խումբ մը մարդիկ, բարեգործական, միութենական, ազգային, պետական գործիչներ ու գիտնականներ հանդէս եկան Հայաստանի իշխանութեան ուղղուած Կոչով, որպէսի վերջ տրուի Հայ եկեղեցիին դէմ սկսած, շարունակուող եւ օրեցօր սաստկացող արշաւին, Հայ եկեղեցիին վայելած միջազգային յարգանքն ու ակնածանքը նսեմացնել փորձող անճահ, անիմաստ եւ անշահ հալածանքներուն, հայ ժողովուրդին հոգեւոր-ազգային միասնականութիւնը խորտակելու հակաքաղաքական քաղաքականութեան։
Եւ այս խորապատկերին՝ կը հրապարակուի հարցազրոյց մը՝ որպէս հակադարձութիւն կամ արձագանգ,- ինչպէս որ կ’ուզէք,- «Մեդիամաքս» անունով հարթակին կողմէ, որ մեզի անծանոթ պատճառներով զանց կ’ընէ «ՌԱԿ Համախմբուած մամուլ»ի եւ անոր համակարգող, ԹՄՄիութեան ատենապետ, Քանատայի հայոց թեմի հիմնադիր, ՄըքԳիլ համալսարանի փրոֆեսոր, գիւտարար եւ գիտնական Արշաւիր Կէօնճեանի անունը վերոյիշեալ Կոչը ստորագրած պատկառելի այդ խումբէն, թարգմանաբար արտատպելով զայն Massis Post մեզի անծանօթ պարբերականէն։ Խոսքը կը վերաբերի պատմաբան, քաղաքագէտ, նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւոր խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանի հարցազրոյցին, զոր, ցաւօք սրտի, իր ծաւալին պատճառով չենք կրնար վերահրատարակել մեր թերթին մէջ, սակայն արժանի կը նկատենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել անոր որոշ պնդումները, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Կոչը ստորագրողներուն իրաւասութեան հարցին։
Զիս կը զարմացնէ Ժ. Լիպարիտեանի՝ հանդիմանութիւն յիշեցնող հարցադրումը՝ Կոչը ստորագրողներուն ուղղուած, մօտաւորապէս հետեւեալ իմաստով. դուք ո՞վ եք, որ կը համարձակիք յորդորել ՀՀ իշխանութիւններուն վերջ տալ հակամարտութեան։ Դուք լիազօրուած չէ՛ք այդ բանը ընելու։ Ու կը պատմէ, թէ ինչպէս, ժամանակին, ՀՀ հիմնադիր նախագահ Լ. Տէր-Պետրոսեանի իշխանութեան օրով, սփիւռքահայ տարբեր ներկայացուցիչներ տարբեր տեսակէտներով ներկայացեր էին նախագահին, որ ըսեր էր, ա՜յդ ժամանակ, որ հայրենի պետութիւնը չի կրնար համակարծիք կարծիք չունեցողներուն կարծիք ու տեսակէտ յայտնել։ Ինքզինքիս իրաւունք կու տամ յարգարժան պրն Լիպարիտեանին յիշեցնելու, որ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ ուրոյն կարծիք ունենալ, անկախ իր հանգամանքէն, լիազօրուած ըլլալէն կամ չըլլալէն։ Գլխաւորը անոնց ո՞վ կամ ի՞նչ ըլլալը չէ, այլ՝ ըսածը, ըսելիքը եւ նպատակը։
Հարցազրոյցին հեղինակը ինձմէ շատ աւելի լաւ պիտի յիշէ, որ 1992 թուականի աշնան, իր մաս կազմած իշխանութեան նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ օրուան նախագահին, սփիւռքահայ կարեւոր կազմակեպութիւններու ներկայացուցիչները, անշուշտ նաեւ եկեղեցական առաջնորդներու մասնակցութեամբ հիմքը դրին Համահակական հիմնադրամին, որ գործեց, ժողովներ գումարեց նաեւ հաջորդ նախագահներու օրոք, իսկ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը 2015 թ.ին, Մեծ եղեռնի 100-ամեակի օրերուն (եթէ չեմ սխալիր), յիշեալ Հիմնադրամը, բոլոր մասնակիցներուն հավանութեամբ, հռչակեց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Համահայկական Ժողով, որ գործեց մինչեւ 2018 թուականը, մինչեւ Ն. Փաշինեանի չարաբաստիկ «ընտրութիւնը»։
Չարաբաստիկ՝ իր պառակտիչ գործունէութեամբ, ազգը, ժողովուրդը, եկեղեցին ու պետութիւնը, հայրենիքն ու սփիւռքը, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութենէն տարանջատումով, «հիներն» ու «նորերը» իրար հակադրելու եւ, վերջապէս, յիմար քաղաքականութեամբ կորսնցնելու, հայրենի նորանոր երկրամասեր թշնամիին զիջելու, Ցեղասպանութիւնն անգամ ուրանալու հակազգային ու հակապետական քաղաքականութեամբ։
Արդ, պրն. Լիպարիտեանը պէտք պիտի զգա՞ր սփիւռքահայ պատկառելի մարդոց այդ խումբին հարց տալու, թէ ո՞վ լիազօրած է զիրենք այդ կամ նման Կոչ մը յղելու Հայրենի կառավարութեան, եթէ տակաւին գործէին Համահայկական վերոյիշալ եւ միւս մարմինները։
Գալով պրն. Լիպարիտեանի այն պնդումին, թէ Հայ եկեղեցին դարերու ընթացքին գործիք է եղած, կ’ուզեմ ափսոսանքս յայտնել, որ ինքն ալ, ինչպէս շատ ուրիշներ, կը թուի մոռցած ըլլալ, որ խօսքը կը վերաբերի 1725 տարի գոյութիւն ունեցող ազգային-եկեղեցական ու նաեւ, երբեմն, պետական կառոյցին, ենթակայ, այո՛, տարբեր պետութիւններու, կայսրութիւններու, յաճախ նաեւ՝ վայրենաբարոյ ցեղերու արշաւանքին, խժդժութիւններուն, սակայն միշտ նեցուկ մնալով պետականութեան, քաղաքէ քաղաք թափառելով պետական ղեկավարութեան հետ՝ Արտաշատ, Դվին, Անի, Լամբրոն ու Սիս։
Պարզապէս պէտք է պատկերացնել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր երկրին վիճակը, եթէ 1441 թ.ին Մայր աթոռը չվերադառնար Էջմիածին, ուր ոչինչ կար զինքը պահող… 1725 տարիներուն ընթացքին ունեցեր ենք 131 կաթողիկոս, որոնցմէ ոմանք, շատ քիչեր, ինչպէս Պետրոս Գետադարձը, ծառայած են ուրիշներուն։ Մինչդեռ ճնշիչ մեծամասնութիւնը ծառայած է ազգային հաւաքականութեան, հոգեկան ու նիւթական աւանդներուն, մշակոյթին, պետականութեա՛ն։
Հիմա՝ իմ հարցը. կարելի՞ է պաշտպանութեան տակ առնել ու քաջալերել մեր ժողովուրդին ու պետութեան պատուհաս եւ միայն պատուհաս բերած այդպիսի մարդուն, որ մի քանի օր առաջ յայտարարեց, թէ յառաջիկային չվերընտրուելու պարագային ահեղ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ Հայաստանը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, այլ խօսքով՝ չի՛ք Հայաստան առանց Նիկոլի…
Հետեւաբար յառաջիկայ Հունիսի 7-ին ինքը եւ իր կուսակցութիւնը պէտք է ընտրուին, այն ալ՝ առնուազն 67 տոկոսի հանգիստ մեծամասնութեամբ, այսինքն՝ խորհրդարանի անդամներու 2-3-րդով, ինչ որ կը նշանակէ այժմ գործող խորհրդարանական բռնատիրութեան, այսինքն՝ Parliamentarian Dictatorship-ի շարունակութիւն, որ կը յիշեցնէ Ատոլֆ Հիթլերի ֆաշիստական իշխանութիւնը։
Վերջաւորութեան կ’ուզեմ հետեւալ հարցը տալ Սփիւռքի իմ բոլոր բարկամներուս, ներառեալ պրն. Լիպարիտեանին. ինչո՞ւ կ’ուզէք պաշտպանել ու քաջալերել արդէն ինքզինք կիսաստված համարող, փաստօրէն պատերազմի հրձիգ, «ազգակործան պատուհաս» մը։
Յ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
The post Ընդդիմախօսութիւն Քաջալերանք՝ պառակտիչի՞ն appeared first on Ազգ.