2027-ի Երիտասարդներու Եուրօ. Թուրքիա – Հայաստան` 1-1

Հայաստանի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) ազգային խումբը 2027-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի իր 2-րդ մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Թուրքիոյ հետ վերջինին դաշտին վրայ` Անթալիոյ մէջ:

Հայաստան բացաւ մրցումին հաշիւը` 17-րդ վայրկեանին: Կոլը նշանակեց Մայքըլ Ասերեան` Դաւիթ Դաւիթեանի փոխանցումէն օգտուելով: 35-րդ վայրկեանին սակայն, Թուրքիա կրցաւ հաւասարիլ:

Առաջին փուլին Հայաստան նոյնպէս հաւասարութեամբ աւարտած էր Քոսովոյի դէմ մրցումը, որ իր երկրորդ մրցումին 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Ճիպրալթարը:

Խմբակին առաջին դիրքը գրաւելու համար, Հայաստան պէտք է առնուազն 8 կոլի տարբերութեամբ յաղթէ Ճիպրալթարի, մինչ Քոսովօ եւ Թուրքիա պէտք է ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտէն իրենց ճակատումը:

Հարկ է նշել, որ ազգային խումբին մաս կազմող շատ մը ֆութպոլիստներ շուտով կը մեկնին բանակ` ծառայութեան, եւ կը միանան Երեւանի բանակայիններու խումբին:

Հայաստանի երիտասարդները կրնային նոյնիսկ յաղթական վերադառնալ Անթալիայէն մանաւանդ որ աւելի առիթներ ստեղծեցին մրցակիցէն, սակայն միայն 1 կոլ կրցան նշանակել:

Նշենք, թէ միայն մէկ խումբ կը հասնի զտումի Բ. հանգրուան:

 

 

Leave a Comment