Վլադիկավկազի մէջ տեղի ունեցած «Փաւտա Պոքսինկ» բռնցքամարտի երեկոյին Վլատիսլաւ Այրիյեան հաստատ յաղթանակ տարաւ Մարք Ուրվանովի դէմ մենամարտին` երկրորդ ռաունտին վերջ տալով մրցումին:
Երկրորդ ռաունտին, Ուրվանով քանի մը անգամ նաք-աութի հարուածներ ստանալէ եւ իյնալէ ետք, չկրցաւ շարունակել մրցումը` խնդրելով դադրեցնել զայն: Այրիյեանին 12-րդ մրցումն էր այս, 12-ին ալ ան նաք աութով յաղթած էր:
Մենամարտէն առաջ Այրիյեան ըսած էր, թէ յաղթանակի պարագային ան մտադիր է յաջորդ մենամարտը կատարել Անգլիոյ մէջ, բան մը որ կարեւոր քայլ կը նկատուի միջազգային բռնցքամարտի մէջ աւելի փայլելու: