Կառավարութեան Նիստի Մասնակիցները Կը Զգուշացնեն Սադրիչ Հռետորաբանութենէն Ու Մտահոգիչ Գրգռութենէն

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի:

Ժողովէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, թէ վարչապետը ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնած է այն, որ ներկայ օժանդակութիւնները հետզհետէ աճող կարիքներէն շատ աւելի քիչ են` զգուշացնելով, մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու ճամբով, սադրիչ հռետորաբանութենէն ու մտահոգիչ գրգռութենէն, ինչպէս նաեւ տնտեսական ընդհանուր ճահճացումէն:

Ժողովականները անդրադարձան տեղահանութեան ալիքներու աճին եւ ապահովական կացութեան ամրապնդման համար որդեգրուած քայլերու կարեւորութիւնը:

Նախարարները յայտնեցին, որ մազութը անոր արժանի եղողներուն պիտի հասնի շեշտեցին, որ խիստ քայլեր պիտի որդեգրուին մազութի վերաբերող զեղծարարութիւններու մեղսակիցներուն նկատմամբ:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է մեծ թիւով նախարարներու մասնակցութեամբ, եւ անոր ընթացքին ներկայացուած են ընդհանուր կացութիւնը, զինուորական եւ անվտանգութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու կարիքներու, կացարանի եւ օգնութեան պահանջներու հետեւողականութիւնը:

Քննարկուած են նաեւ այս ծիրին մէջ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած ընթացակարգերը, եւ առաջարկուած են հնարաւոր լուծումներ` գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն համընթաց քալելու համար:

Մըրքոս արծարծեց լրագրողներուն դէմ իրերայաջորդ ու շարունակուող յարձակումներու հարցը` ներկայացնելով այդ ուղղութեամբ տեղեկատուութեան նախարարութեան կատարած քայլերը: Ան նշեց, որ այդ մէկը նաեւ կառավարութեան կողմէ դիրքորոշման ու քայլի կը կարօտի, ինչպէս նաեւ ջանքերուն արտաքին գործոց եւ արտերկրի նախարարութեան, որուն հետ գործակցութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա ներկայացուցած է գետնի վրայ զարգացումները, մասնաւորաբար իսրայէլեան ներթափանցումն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ կացութիւնը` նշելով, որ իսրայէլեան յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են 1238 զոհեր եւ 3543 վիրաւորներ: Ժողովականները նաեւ անդրադարձած են ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն զոհի մը եւ վիրաւորներու արձանագրութեան:

Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար ներկայացուցած է գողութեան դէմ պայքարի ջանքերը, ինչպէս նաեւ մազութի ցրւումին մէջ խարդախութեան հարցով կատարուած ձերբակալութիւնները:

Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սայետ նշած է, թէ այս պատերազմին ընթացքին տրամադրուած օժանդակութիւններուն քանակը նախկին պատերազմներէն նուազ է` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել միջազգային զօրակոչը` աջակցութիւնը աւելցնելու եւ հետզհետէ աճող կարիքները բաւարարելու համար:

 

Leave a Comment